Ռուսական «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը Հայաստանի ներդրողներու ակումբին եւ միջազգային ֆինանսական հիմնարկներու հետ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին շուրջ 1 միլիառ տոլարի ներդրում կատարել Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Այս մասին 13 Նոյեմբերին յայտարարուեցաւ «Ռատիսըն Պլու» հիւրանոցին մէջ «Տաշիր»ի ներդրումային ծրագրի ներկայացման ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ձեռնարկին ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուեցան, միջոցներու հաշուոյն եւ իրականացուելիք վերոնշեալ ներդրումային ծրագիրը ու անոր իրատեսական ըլլալու հանգամանքը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ «Տաշիր»ի գործընկեր միջազգային ֆինանսական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ծրագրի ներկայացման աւարտին տեղի ունեցաւ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն «Տաշիր» ընկերութեան, «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութեան եւ ֆինանսական գործընկերներու միջեւ:
Յիշեցնենք, ՀԷՑը կը պատկանի ռուսիաբնակ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր Կրուփ»ին:
Սերժ Սարգսեան Երեքշաբթի օր, Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ աշխարհահռչակ ֆրանսական «Շնայտըր Էլեքթրիք» ընկերութեան, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբին եւ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանի ներդրումով հիմնուած «Կասկադ էներգօ-Տաշիր-ՀԱՊՀ» գերազանցութեան կեդրոնի բացման արարողութեան՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին, համալսարանի տնօրէնին, «Տաշիր»ի նախագահին, «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր», ինչպէս նաեւ «Կասկադ-էներգօ» ընկերութիւններու ղեկավարներուն ուղեկցութեամբ եւ շրջայց կատարեց նորաբաց նորարարական կեդրոնին մէջ:
Նախագահը Երեւանի քաղաքապետին, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարին, այլ պաշտօնատար անձերու ու հիւրերու հետ Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ «Տաշիր»ի մէկ այլ ձեռնարկին՝ ռուսասկան մեծագոյն «Ռիօ» ցանցին մաս կազմող «Ռիօ մոլ» առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոնի բացման արարողութեան: Ծրագիրի արժէքը կը կազմէ շուրջ 40 միլիոն տոլար: Ըստ պատասխանատուներուն՝ «Ռիօ»ի բացումով պիտի ապահովէ շուրջ 500 նոր աշխատատեղ: