ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Նոյեմբեր 14ին յայտարարած է, թէ Արցախի տագնապին գծով Պաքուի սկզբունքային դիրքորոշումը չէ փոխուած՝ պնդելով, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրէն ներս։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է իշխող «Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութեան հիմնադրութեան 25ամեակին նուիրուած հանդիպման ընթացքին:
Ալիեւ նաեւ հաստատած է, թէ Ատրպէյճանի մէջ որեւէ քաղաքական ուժ չի կրնար մրցիլ իր ղեկավարած կուսակցութեան հետ: