«ՓանԱրմինիըն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Վըրճինիա նահանգի դատարանը որոշում տուած է Ղազախստան ապրող հայազգի երիտասարդ գիտնական Ալեքսանդրա Էլբակեանի դատական հետապնդման վերաբերեալ: Էլբակեան գիտական հրապարակումներու աշխարհի մեծագոյն ցանցահէն աղբիւրի՝ Sci-Hub կայքի, հեղինակը եւ կառավարիչն է: Դատարանը անոր կը պարտադրէ վճարել 19.8 միլիոն տոլար:
Միլիոնաւոր տոլարի տուգանքէն բացի, զոր, այսպէս թէ այնպէս, ակարելի է գանձել, որովհետեւ Էլբակեան Ռուսիոյ մէջ թաքնուած կը մնայ, դատարանը այլ որոշում մըն ալ տուած է. Էլբակեանի գործողութիւններէն վնասուած արեւմտեան կազմակերպութիւններուն իրաւունք կը տրուի անոր կայքը խիստ ցանցային գրաքննութեան ենթարկելու՝ չինական ոճով: Kp.ru-ը՝ յղում կատարելով ArsTechnica կայքէջին, կը յայտնէ, թէ ցայժմ, Միացեալ Նահանգներու մէջ այսպիսի արարքներ կը դիտուէին իբրեւ խօսքի ազատութեան սահմանափակում։
2016ի սկզբնաւորութեան յայտնի դարձաւ, որ Ղազախստան բնակող հայ ուսանողուհի Ալեքսանդրա Էլբակեան ստեղծած է Sci-Hub կայքը, որուն միջոցաւ կարելի է գրեթէ որեւէ գիտական գործ անվճար ներբեռնել. այլ կայքերու վրայ զանոնք ներբեռնելու համար պէտք է վճարել առնուազն 30 տոլար: Կայքը այնքան պահանջուած դարձած է, որ մեծագոյն գիտական Elsevier հրատարակչութիւնը հայց ներկայացուց կայքին դէմ:
Կայքի սկզբունքը հետեւեալն է. հարցում ստանալով՝ կայքը կը ստուգէ, արդեօք փնտռուած աշխատութիւնը գոյութիւն ունի՞ նոյնպէս ցանցահէնային LibGen կայքին վրայ. եթէ ոչ, ալկորիթմը կը շրջանցէ հրատարակչութեան «փէյուոլ»ը: «Բանալիներ»ը կը տրամադրեն այն գիտնականները, որոնց համալսարանները միացած են տուեալներու այս կամ այն հիմքին: