Նամակներ
Խմբագիր «Ասպարէզ» Օրաթերթի
Գոհունակութեամբ կարդացի «Ասպարէզ» օրաթերթի Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017 թիւին մէջ հրատարակուած յօդուածը՝ ՀԲԸ Միութեան ստացած նուիրատուութիւններուն մասին, եւ մանաւանդ ձեր ստորագրութեամբ լոյս տեսած «Օրը Օրին» սիւնակի «Բոլորիս Համար Թափանցիկ» յօդուածը:
Ձեր խմբագրութեան շրջանին է, որ «Ասպարէզ» օրաթերթը եղաւ համայն հայութեան օրաթերթը եւ ո՛չ հատուածի մը: Կը գնահատենք նաեւ պատասխանատու մարմինը:
Մեծանուն գրող Երուանդ Օտեան իր «Ընկեր Փանչունի» գլուխ գործոցին մէջ կ՛ըսէ. «Բարեգործական Միութիւնը իր տարեկան տեղեկագիրով, իր հաշուետուութեամբ կ՛ուզէ նուիրատուները դարձնել մի մի տոմարակալ…»։
«Տօ՛, յիմարներ, ի՞նչ պէտք տարեկան այդ մանրամասն հաշիւներուն, միթէ ժողովուրդը ձենէ հաշիւ պահանջե՞ց. նա դրամը տուաւ ու պրծաւ…. Ինչո՞ւ չէք ուզեր օգտուիլ կազմակերպութիւններու օրինակէն՝ աւելի՛ հին, աւելի՛ փորձառու… եւ այլն»։
Ձեզի կ՛ուղղարկեմ Օտեանի գրած այս շահեկան նիւթին շուրջ երգիծանքէն մաս մը, ուր ձեր «Օրը Օրին» յօդուածին մէջ արծարծած մտահոգութիւններուն կարեւորութիւնը կը շեշտուի:
Ձեզի ներբակեալ կ՛ուղղարկեմ նաեւ ՀԲԸ Միութեան 2012-2013 եւ 2014-2015 տարիներու տեղեկագիրները, որոնց մէջ պիտի տեսնէք ՀԲԸ Միութեան «Թափանցիկութիւնը»՝ ձեր ցանկութիւնը գոհացնելու համար: Երանի՜ թէ հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները հետեւին ՀԲԸ Միութեան թափանցիկութեան օրինակին: Այս տեղեկագիրները, զորս ձեզի կը ղրկեմ, գաղտնի պահուած չե՛ն: Ինչ կը վերաբերի «Բարեգործականի շրջանակին մէջ մտահոգութիւններ գոյութիւն ունին»ի եւ ըսի-ըսաւներուն, ապա ձեզի անհերքելի փաստերով կը վստահեցնեմ, թէ այդ տեսակի մտահոգութիւններ «այլոց» միտքին մէջ են եւ ոչ թէ ՀԲԸ Միութեան շրջանակին մէջ: Վերոյիշեալ երկու տեղեկագիրները կ՛ապացուցեն այս իրողութիւնը: Այս խեղճամիտ բամբասողները անտեղեակ են եւ չեն իսկ ուզած տեսնել այդ տեղեկագիրները:
Մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն մէջ գոյութիւն ունին անհատներ, որոնք ամէն ինչ գիտեն: Բայց, դժբախտաբար, այդ անտեղեակ անհատնե՛րն են, որոնք չեն ուզեր տեսնել իրականութիւնները, ժամանակի փոփոխութիւնները, ներկայի պայմաններն ու պահանջները: Արդարեւ, ՀԲԸ Միութիւնը, հայապահպանումի իր առաքելութեան համար, 2015 թուականին ծախսած է 47 միլիոն տոլարէ աւելի գումար մը, իսկ 2002 թուականին՝ 30 միլիոն տոլար: Կը տեսնենք, որ ամէն տարի ծախսերը կ՛աւելնան աստիճանաբար: ՀԲԸՄը ճիգ չի խնայեր մեր ժողովուրդի պահանջներուն գոհացում տալու եւ օգտակար ըլլալու:
Այն տպաւորութիւնը, թէ՝ «ՀԲԸ Միութիւնը սկսած է անտեսելու Սփիւռքը, անոր կրթական, մշակութային ու հայապահպանումի խնդիրները», անբողջովի՛ն անհիմն է ու սխալ: Ընդհակառա՛կը, ինչպէս նկատեցիք վերեւը, այդ նպատակներուն համար ծախսուած գումարները բազմապատկուած են, իսկ այդ անհատները ոչ միայն անտեղեակ են, այլ կոյր պէտք է ըլլան՝ չտեսնելու համար ՀԲԸ Միութեան բազմապատկուած գործունէութիւնը: Ակնյայտ են տեղեկագիրները: Այստեղ կը փափաքիմ այդ մարդոց բացատրել, թէ Հայաստանի անկախացումէն ետք, նախկին Սփիւռքին վրայ աւելցած է նոր Սփիւռք մը՝ նախկին Սովետական Միութեան պետութիւններէն ներս, օրինակ՝ Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Աբխազիոյ, ինչպէս նաեւ նախկին Արեւելեան Եւրոպայի սոցիալիստ երկիրներուն մէջ: Նաեւ, աղէտներով տառապող մեր հայրենակիցները Պարսկաստանի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ, որոնց պատճառով հայապահպանումի ծախսերը բազմապատկուած են:
Տեղին է յիշել, թէ ՀԲԸՄը Սփիւռքի 12 երկիրներու մէջ ունի 24 դպրոցներ, 40 տարբեր երկիրներու մէջ համալսարանական 430 աշակերտներ կը ստանան 1 միլիոն տոլարէ աւելի կրթանպաստ:
ՀԲԸՄի շրջանակէն ներս կը գործեն 65է աւելի մասնաճիւղեր եւ անոնց կողքին՝ մշակութային, ընկերային, կրթական, առողջապահական, հոգեւոր եւ մարդասիրական բազմաթիւ ծրագիրներ: Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, թէ ՀԲԸ Միութիւնը սկսած է մոռնալու Սփիւռքը: Միայն չարամիտներն են, որոնք չեն կրնար տեսնել ճշմարտութիւնները:
ՀԲԸՄը միշդ թիկունք կանգնած է հայրենիքին ու Ղարաբաղին եւ պիտի շարունակէ յարատեւօրէն օժանդակել, այնքան ատեն որ մեր ազգն ու հայրենիքը պէտք ունին օժանդակութեան:
ՀԲԸՄը բարձր կը գնահատէ բոլո՛ր հայկական կազմակերպութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնները՝ անխտի՛ր:
ՀԲԸ Միութեան տեղեկագիրները սերտելէ ետք, վստահ եմ, որ դուք եւս պիտի համամիտ ըլլաք մեր տեսակէտին եւ անտեսէք անտեղի չարախօսութիւնները: Ժամանա՛կն է, որ Սփիւռքի մեր բարեկեցիկ հայ գաղութները ոչ միայն ինքնաբաւ դառնան, այլ նիւթապէս օժանդակեն Կեդրոնական վարչութեան հայապահպանումի դժուարին առաքելութեան։
Սփիւռքի մէջ հայապահպանման ծրագիրներուն համար ՀԲԸ Միութեան յատկացուցած գումարները շա՛տ աւելի են՝ հայրենիքի մէջ ծրագիրներուն յատկացուած գումարներէն: Նորաստեղծ Սփիւռքը աւելի պէտք ունի օժանդակութեան: Մեր մաղթանքն է, որ անոնք եւս բարգաւաճին եւ սկսին իրենց կարգին օժանդակելու բարեսիրական միութիւններու, ի նպաստ հայապահպանման պայքարին Սփիւռքի մէջ:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 111 տարիներ շարունակաբար ու անսակարկ նուիրումով ծառայեց համայն հայութեան անխտի՛ր, առանց շեփորի եւ ինքնագովութեան: ՀԲԸՄը գործի՛ միութիւն է եւ ոչ խօսքի, եւ տակաւին կը շարունակէ երգել…
Հայեր միանանք մէկ սիրտ մէկ հոգի,
Ազգաշինութեան վսեմ գործին շուրջ,
Մոռնալով վէրքեր եւ ոխն երէկի
Ժամն է, որ ըլլանք վաղուան աջալուրջ։
Յարգանքներով՝
ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ
Հոկտեմբեր 17, 2017
«Ասպարէզ»ի Խմբագրութեան
Սիրելի խմբագիր,
Մօտէն կը հետեւիմ «Ասպարէզ»ի բովանդակութեան: Դիւրին աշխատանք չէ որ կը տանիս սփիւռքեան պայմաններու մէջ, երբ խմբագրական աշխատանքի կողքին, նիւթական ծանր բեռը եւս ստիպուած կ՛ըլլաս, շատ անգամ, ուսերուդ վրայ շալկելու:
Հոկտեմբեր 6ի համարով կարդացի «Բոլորին Համար Թափանցիկ» գրութիւնդ, ուր ընդհանրապէս ակնարկութիւն կ՛ընես Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նիւթական հաշուետուութեան հրապարակայնութեան մասին, որ ըստ քեզի, պիտի պատճառէ անտեղի քննադատութիւններ ուղղուած միութեան հասցէին:
Դուն՝ որպէս երկարամեայ խմբագիր եւ ազգային կեանքին մօտիկէն հետաքրքրուող սրտցաւ ազգային մը, քաջատեղեակ ես ՀԲԸՄի նիւթական թափանցիկութեան: Միութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ որդեգրած է հաշուետուութիւն ընելու քաղաքականութիւնը: Եւ անոր համար ալ կը մնայ մեր մեծագոյն բարեսիրական հաստատութիւնը եւ կ՛ապահովէ մեր ժողովուրդին բացարձակ վստահութիւնը, ի տարբերութիւն այլ կազմակերպութիւններու, որոնց մէջ նաեւ ձեր գաղափարաբանութեան հաւատարիմ միութիւնները, որոնց նիւթական հաշուետուութիւնը կը մնայ փակ գզրոցներու մէջ:
Բարեգործականը կը հասնի որքան հայրենիքի եւ Արցախի կարիքներուն, նոյնքան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը սփիւռքահայ կեանքէն ներս: Նոր ձեւաւորուող համայնքներէն ներս կը տանի վերափոխիչ եւ եզակի աշխատանք: Ինչպէս գիտէք, խորհրդային կարգերու փլուզումով հայ կեանքէն ներս եւ ի մասնաւորի Եւրոպայի մէջ, սկսան կազմակերպուելու նոր գաղութներ, որոնց հայապահպանման համար անմիջական նիւթական կարիքները կը մնան Բարեգործականի առաջնահերթ պարտականութիւնը: Ոչ արհամարելի թիւ մը կը կազմեն անոնք, որոնք պէտք ունին անմիջական հոգատարութեան: Այլափոխուող Սփիւռքին համար նոր մարտահրաւէրներ կը դիմակալեն եւ Բարեգործականը բարեբախտաբար ներկայ է հոն եւս: Աւանդական Սփիւռքը, որ կազմուած էր յետ-Եղեռնեան պայմաններու տակ, դժբախտաբար արդէն կորսնցուցած է երէկի իր դիմագիծը եւ հոգեվարքի մէջ է շատ մը համայնքներէ ներս։
ՀԲԸՄի ընդհանուր ժողովներէն բացի, գրաւոր ու թափանցիկ հաշուետուութիւն կը ներկայացուի Միութեան անդամներուն եւ մամուլին:
Այս ամբողջը կ՛ուզեմ ուշադրութեանդ յանձնել, մօտիկէն տեղակ ըլլալով ՀԲԸՄի կատարած լայնածաւալ աշխատանքին:
Բարեկամական բարեւներով,
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Հոկտեմբեր 22, 2017