ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոկտեմբեր 6ին, «Ասպարէզ»ի «Օրը Օրին» սիւնակով գրած էի «Բոլորին Համար Թափանցիկ» խորագիրով ակնարկը, ուր ողջունելով Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մեծ նուիրատուութիւններ հաւաքելու փաստը՝ դիմում ուղղած էինք ՀԲԸՄին եւ «ընդհանրապէս մեր ազգային բոլո՛ր կառոյցներուն, առաջարկելով, որ նուիրատուութեանց հրապարակման կողքին (շատեր կը զլանան այդ ալ ընել) նաեւ հանրութեան ներկայացնեն ստացուած գումարներուն ճակատագիրը, զանոնք ծախսելու սկզբունքները, առաջնահերթութիւնները…»։
Այս առթիւ խմբագրութիւնս ստացած է երկու նամակ, զորս կը հրատարակենք ամբողջութեամբ:
Պարոն Ենովք Պալիկեան, իր գրութեան հետ, խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դրած էր ՀԲԸՄի վերջին տարիներու տարեկան հաշուետուութիւնները պարունակող գրքոյկներ, որոնց համար անչա՛փ շնորհակալ եմ: Դժբախտաբար – եւ ասիկա կ՛արձանագրեմ ոչ իբրեւ արդարացում, այլ ինծի համար հաճելի անակնկալ էր – ես տեղեակ չէի, որ նման հաշուետուութիւն կը տրամադրուի հրապարակային կերպով: Կ՛արժէ ՀԲԸՄի պատասխանատուներուն առաջարկել, որ նուիրատուութիւնները տարածելու նոյն ձեւաչափը որդեգրեն հաշուետուութեանց համար, այսինքն՝ անոնք եւս հասանելի ըլլան մամուլին:
ՀԲԸՄի ազգօգուտ ծառայութեանց մասին անվերապահօրէն կը վկայենք, որքա՛ն ալ անոր ղեկավարման ոճին մէջ նկատենք քիչ մը մեծ, բաժնետիրական ընկերութիւններու յարիր վարչական դրութեան մը հետքերը, ինչպէս օրինակ՝ կեդրոնական վարչութեանց մէջ նորելուկ անդամներու յայտնութիւնը՝ պարզապէս նիւթական մեծ միջոցներ ունենալու վկայագիրի շնորհիւ: Յամենայնդէպս, այդ հարցերը ՀԲԸՄի ներքին խնդիրներն են:
Այս բոլորէն եթէ բարիք մը ծնի, այդ ալ հրապարակային հաշուետուութեան կարեւորութեան ընդգծումն է՝ ի շահ բոլոր հասարակական կազմակերպութիւններուն, ի շահ մեր ժողովուրդի՛ն:
ՀԲԸՄին՝ շնորհակալութի՛ւն: «Բոլորին Համար Թափանցիկ» ըլլալու հերթը՝ հիմա մեր մնացեալ «ազգային բոլո՛ր կառոյցներուն» եւ «հասարակական կազմակերպութիւններուն»ն է…