ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 13 Նոյեմբերին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտին վրայ ընկերական մրցում ունեցաւ Կիպրոսի ազգային խումբին հետ եւ յաղթեց 3:2 հաշիւով:
Յիշեցնենք, որ 9 Նոյեմբերին, Հայաստանի հաւաքականը Երեւանի մէջ ընկերական խաղ ունեցաւ նաեւ Պելոռուսի խումբին դէմ եւ յաղթանակ տարաւ 4:1 հաշիւով: