ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Ռուսիա մեկնելէ առաջ տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսած է այն հարցերուն մասին, որոնք պիտի քննարկուին Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ։
Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիա նպատակ ունի Ռուսիոյ հետ առեւտուրի ծաւալները հասցնել 100 միլիառ տոլարի, որուն համար Անգարա «իր կարելին կ՛ընէ»։ Էրտողան յոյս յայտնած է նաեւ, որ կարելի կ՛ըլլայ երկու երկիրներուն առեւտրային բոլոր սահմանափակումները ջնջել, միաժամանակ ակնկալելով, որ Ռուսիա դիւրացնէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն այցագիրներու տրամադրումը:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ բացի ռուս-թրքական յարաբերութիւններէն, Փութինի հետ պիտի քննէ տարածաշրջանային շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Սուրիոյ հարցը եւ Արցախի հակամարտութիւնը:
«Մտադրութիւն ունիմ Փութինի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը քննարկելու», ըսած է Էրտողան: