ԵՐԵՒԱՆ, «Արմրադիօ».- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միայն Ալապամա եւ Միսիսիփի նահանգները տակաւին պաշտօնապէս չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբերին Ինտիանա նահանգը դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող 48րդ նահանգը: Այս քայլը ողջունեց Հայ Դատի յանձնախումբը:
Այս նոր ճանաչումը ի՞նչ ձեւով կ՛ազդէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ընդհանուր գործընթացին վրայ. ՀՅԴ բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադառնալով այս հարցումին՝ յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեամբ արտաքին քաղաքականութիւնը նախագահի լիազօրութիւններու ծիրին մէջ կ՛իյնայ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ կայ դատական որոշում, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը արտաքին քաղաքականութեան հարց է, որ վերապահուած է նախագահին: Հետեւաբար, առանձին նահանգներու ճանաչումները ուղղակիօրէն ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ նախագահի կեցուածքին վրայ, սակայն, ըստ Կիրօ Մանոյեանի ձեւակերպումին՝ բնականաբար, անոնք քաղաքական ընդհանուր մթնոլորտ կը ստեղծեն:
Մանոյեան յիշեցուց, որ Ամերիկայի Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը եւս անցեալ տասնամեակներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առնուազն երկու բանաձեւ ընդունած է: Իսկ այժմ Ներկայացուցիչներու տան մէջ կը շրջի բանաձեւ մը՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճանաչումը հաստատելու նպատակով:
Կիրօ Մանոյեան փոխանցեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Հայ Դատի գրասենեակի աշխատանքները պիտի շարունակուին երկու ուղղութեամբ: Թէ Ի՛նչ օգուտ կու տան այս ճանաչումները ընդհանուր գործին՝ Կիրօ Մանոյեան յայտնոց, որ Թուրքիոյ ժխտողականութեան շարունակականութեան պարագային տարբեր երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումները Թուրքիոյ վրայ ճնշման նշանակութիւն ունին, որպէսզի վերջինս ինք առերեսուի իր պատմութեան հետ:
Հետեւաբար, այդ առումով, բաւական ազդեցիկ դերակատարութիւն կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառումը: Ան նկատել տուաւ, որ նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղսապանութեան ճանաչման դէմ հանդէս եկողները կը հաստատեն, որ դուրսի այս ճանաչումները կ՛ազդեն իրենց հասարակութեան, եւ ըստ էութեան, նաեւ իրենց իշխանութիւններուն վրայ: