ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մէջ, Նոյեմբեր 4ին, հակազրահապատային նռնակի պայթումով վիրաւորուած զինծառայող Սերգէյ Սեւատայի Ալումեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր: Ան տեղափոխուած է Երեւանի Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց։ Այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Նոյն պայթումին իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած երկրորդ զինծառայողին՝ Գէորգ Վլատիսլաւի Հիւսնունցի առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւն չկայ տակաւին: Ան ներկայիս կը գտնուի Արցախի զինուորական հիւանդանոցը:
Սակայն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն, Նոյեմբեր 4ի նշեալ պայթումին իբրեւ հետեւանք զոհուած է զինծառայող, 1997ի ծնունդ Հրանդ Խաչատուրի Մանգասարեանը: Գէորգ Հիւսնունցն ու Սերգէյ Ալումեանը ստացած էին տարբեր աստիճանի բեկորային վէրքեր:
Այժմ, Հրանդ Մանգասարեանի մահուան եւ երկու զինծառայողներու վիրաւորուելու դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։