ԵՐԵՒԱՆ, «Արմրատիօ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի, 6 Նոյեմբերին, իր գրասենեակին մէջ ընդունած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիտնականներ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամներ Եուրի Օգանէսեանին եւ Անի Աբրահամեանին, որոնք Երեւան ժամանած են մասնակցելու համար Նոյեմբեր 6-8 տեղ ունենալիք Համահայկական գիտաժողովին:
Երկու գիտնականները նաեւ պիտի մասնակցին Ա. Ի. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական գիտավերլուծարանի (ԱԱԳԳ) ռազ-մավարութեան մշակման քննարկումներուն:
Եուրի Օգանէսեան Հայաստանի վարչապետի կողմէ նշանակուած ԱԱԳԳ միջազգային գիտական Խորհուրդի նախագահն է: Այս Խորհուրդը 2009-2010 թուականներուն ձեւաւորած է միջազգային յանձնաժողով մը, որ ձեռնարկած է Երեւանի Բնագիտութեան համալսարանը Ազգայաին գիտական գիտավերլուծարանի վերափոխելու աշխատանքին:
Անի Աբրահամեան շարք մը ամերիկեան եւ եւրոպական գիտական հիմնարկներու կառավարման փորձ ունեցող գիտնական է, որու մասնագիտութիւնը գլխաւորաբար միջուկային բնագիտութեան եւ «իզոտոպներ»ու արտադրութեան բնագաւառի մէջ է: Աբրահամեան եւս ներգրաւուած է Եուրի Օգանէսեանի կողմէ ձեւաւորուած միջազգային յանձնաժողովի գործունէութեան մէջ:
Ողջունելով անուանի գիտնականներուն, նախագահը գնահատած է անոնց պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի գիտութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ներդրում ունենալու յատկապէս բնագիտութեան եւ ուսողութեան բնագաւառներու առաջընթացի եւ երիտասարդ գիտնականներու կրթութեան գործի մէջ: