Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբերի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) «Կակաչ »մանկամսուրի բացումը, ներկայութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Աննա Տէր Յակոբեանի, ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան, նստավայրի մասնաճիւղերու վարչութեանց, շրջանային յանձնախումբերու ինչպէս նաեւ մանկամսուրի նախկին եւ ներկայ յանձնախումբերու ընկերուհիներուն եւ փոքրիկներու ծնողներուն:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան ողջունեց Մանկամսուրի վերաբացումը՝ դիտել տալով, որ անիկա կը խորհրդանշէ կամաւորներու բանակի անկոտրում կամքը, երբ առողջապահական, կրթական, ընկերային, խնամատարական եւ այլ ծրագիրներու կողքին, դարձեալ կեանքի կը կոչուի ՍՕԽի մանկամսուրը՝ քաջալեր հանդիսանալու համար յատկապէս աշխատող եւ համալսարանական ուսման հետեւող մայրերուն:
Ան յայտնեց, թէ Մանկամսուրի պաշտօնական բացումը անցեալին տեղի ունեցած էր 22 Հոկտեմբեր 1991ին, իսկ սկզբնական աշխատանքները սկսած էին 12 Հոկտեմբեր 1989ին:
Շնորհիւ իրերայաջորդ յանձնախումբերու տարած քարոզչական աշխատանքին, մանկամսուր յաճախող մանուկներուն թիւը հետզհետէ աճ արձանագրած էր եւ մինչեւ 2011 մանկամսուրը ունեցած էր մնայուն եւ այցելու շուրջ 30 մանուկ, երբ հրթիռակոծման պատճառով քանդուեցաւ ընկերաբժշկական կեդրոնը եւ անոր հետ նաեւ մանկամսուրի յարկաբաժինը:
Կ՛իմանանք թէ, առաջին մանկամսուրը հիմնուած է Ամերիկայի մէջ, 1915ին, Շիքակոյի համալսարանի պաշտօնեաներուն կողմէ: Տնօրէնութեան կողմէ որակաւոր ուսուցիչներ տրամադրուած են ստանձնելու ուսուցիչներու անչափահաս տարիքի երեխաներուն հոգատարութիւնը եւ շէնքէն ներս տեղ յատկացուած է մանկամսուրին:
ՍՕԽի «Կակա»չ մանկամսուրը 4 ամսականէն միչեւ 3 տարեկան երեխաներու նախադպրոցական դաստիարակութեան հիմնարկութիւն մըն է: Աշխատանքի լծուած մայրերու զաւակներուն հոգատարութիւնը ստանձնող կարեւոր օղակը ամբողջացնելու հաստատութիւն մը, ուր անոնց հոգեկան եւ ֆիզիքական զարգացման նպաստող միջավայր մը կը ստեղծուի համապատասխան հասկացողութեամբ:
Որպէս յայտագիր, մեկնելով երեխաներու տարիքային առանձնայատկութիւններէն, մանկամսուրին մէջ պիտի իրականացուին ֆիզիքական, մտային եւ գեղագիտական դաստիարակութիւն, խաղերու, երգերու եւ նկարելու մանկական ծրագիրներու կողքին: Այս ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ Ազգային վարչութեան, Շահան արք. Սարգիսեանի եւ ՍՕԽի Շրջային վարչութեան քաջալերանքով, ինչպէս նաեւ մանկամսուրի նորանշանակ յանձնախումբի ժրաջան ընկերուհիներուն ջանքերով, յանձինս Մարալ Տունկեանի, Նարդիկ Նագգաշեանի, Վանենի Պէպէճեանի, Վիգի Փայասեանի եւ Միրնա Թէնէքէճեանի։
Բացման առիթով խօսք առաւ նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աննա Տէր Յակոբեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները՝ յուզումով յիշեց անցեալի մանկամսուրի պաշտօնեայ՝ Ալինա Մխճեանի նահատակութիւնը պատերազմի օրերուն: Ապա նկատի ունենալով անդամուհիներու անսակարկ նուիրումը, որ օրինակ կը հանդիսանայ մեր շրջապատին, թելադրեց, որ խաչուհիները անցեալի հաւատքով միշտ պատրաստ ըլլան դիմագրաւելու իրենց դէմ ծառացող դժուարութիւնները եւ հաստատ քայլերով շարունակեն ՍՕԽի ծրագիրները:
Յանձնախումբի ատենապետուհի Մարալ Տունկեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործակիցներուն, Շրջանային վարչութեան, բոլոր ներկաներուն, ծնողներուն եւ բարի կեցութիւն մաղթեց նոր մանկամսուրի նոր երեխաներուն, որոնց առօրեայ ժամանակացոյցն է ամէն օր առաւօտեան ժամը 8էն կէսօրէն ետք ժամը 2, բացի Կիրակի օրերէն:
(Թղթակից)