ՊՈՔԱ ՌԱԹՈՆ.- Հայկական նաւապտոյտի կազմակերպիչ մարմինը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ տարուան Յունուար 20-28ին տեղի ունենալիք Հայկական աւանդական նաւապտոյտի մասնակիցները պիտի վայելեն Նիւ Ճըրզիի «Ախթամար» պարախումբին կատարումները՝ գեղարուեստական շարք մը այլ յայտագիրներու, զուարճանքի առիթներու եւ դասախօսական ներկայացումներու կողքին:
Իր տեսակին մէջ 21րդը հանդիսացող այս տարուան նաւապտոյտի մասնակիցները պիտի այցելեն Ս. Քիթս, Ս. Ճան (Անթիկուա), Փորթօ Ռիքօ եւ Լապատի (Հայիթի):
Հայ մշակոյթի ու ընկերային կեանքի երեսներով հարուստ սոյն նաւապտոյտին մասնակցութեան տարբեր մակարդակներուն ծանօթանալու համար, դիմել ahc@travelgroupint.com հասցէին, կամ՝ (561) 447-0750 ու (866) 447-0750 (Ext 108 կամ 102) թիւերուն:
Ծրագիրին ու նաւապտոյտին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.ArmenianHeritagecruise.com կայքը կամ www.facebook.com/armenianheritagecruise կայքէջը: