ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2017ի կէսօրին, Արամ Ա. կաթողիկոսը Իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վՎարչութեան: Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան թեմին յառաջիկայ աշխատանքները, ծրագիրները ու առաջնահերթութիւնները: Վեհափառը ողջունելով եւ գնահատելով առաջնորդի ու Վարչութեան ընտրութենէն անցնող կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կատարուած աշխատանքները՝ յորդորեց առաւել եւս վճռական կամքով, սիրով ու գործակցական ոգիով շարունակել թեմի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման յոյժ կարեւոր աշխատանքը: Հանդիպման աւարտին վեհափառը ճաշի հիւրը եղաւ Ազգային վՎարչութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.