ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խմբագիրները պէտք չէ նիւթականով մտահոգուին: Միջազգային կարգը այդպէս է: Հայկական իրականութեան մէջ, մասնաւոր թերթերու խմբագիրներուն աննախանձելի վիճակը յայտնի է պատմականօրէն, իսկ այսօր նման թերթերու գրեթէ անհետացումը փա՛ստ է: Կուսակցական մամուլի պարագան քիչ մը տարբեր կրնայ ըլլալ, երբ թերթի նիւթականին ապահովումը, աւելի ճիշդ՝ թերթը չփակելու երաշխաւորութիւնը իր վրայ կը վերցնէ պատասխանատու մարմինը:
Այսօրուան դրութեամբ, կուսակցական թերթերն ալ կրնան նիւթական տագնապներ դիմագրաւել: Մանաւա՛նդ երբ տպագիր մամուլը ընդհանրապէս նահանջի մէջ է, նիւթական միջոցներու սղութեան պարագային կամ նախապատուութիւններու եւ առաջնահերթութիւններու հրմշտուքին մէջ, թերթը կրնայ ուշադրութենէ վրիպիլ, կամ՝ կրճատումներով (օրաթերթը դարձնելով երկօրեայ կամ շաբաթօրեայ) հրատարակուելու լուծման առաջնորդուիլ:
Յամենայնդէպս, նիւթական մտահոգութենէ ձերբազատուած մամուլ ունենալը երազային է մեր իրականութեան մէջ: Սակայն, կ՛արժէ այդ երազը հետապնդել: Թերեւս նման նպատակի մը համար ամէնէն յանձնառու զինուորագրեալները կրնան ըլլալ նախկին խմբագիրները, մանաւա՛նդ անոնք, որոնք հայկական մամուլի նահանջին դէմ վճռական կեցուածք որդեգրելու տրամադրուած են: Բարեբախտաբար, եւ մեր առօրեան կ՛ապացուցէ այդ, հայ մամուլին զօրակցելու պատրաստակամ մարդոց ու բարերարներու թիւը աննշան չէ՛: Անհրաժեշտ է, սակայն, այս նիւթական հոսքը ճի՛շդ կառավարել՝ մշտական եկամուտի աղբիւրներու որոնումով:
Կրնա՞նք «Ասպարէզ»ը այդպիսի վիճակի մը հասցնել: Մենք 110ամեակի տօնակատարութիւնը կ՛ուզենք այդ վիճակին հասնելու կարեւոր քայլերով նշանաւորել: Միայն այդպիսի նպատակի մը հետապնդումը կրնայ արդարացնել մեր շարունակական դիմումները «Ասպարէզ»ի բարեկամներուն ու ընթերցողներուն: