«Էրմէնիհապեր»ը կը տեղեկացնէ, որ թրքական «Պիրկիւն» թերթի կայքի սիւնակագիր Ռեֆիք Տուրպաշը «Պապըալիի Առաջին Գրավաճառը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ, կը յատնէ, թէ Պոլսոյ Պապըալի պողոտայի առաջին գրավաճառը եղած է Առաքել Թոզլուեան:
Առաքել Թոզլուեան էֆենտին Պապըալիի մէջ իր գրախանութը հիմնած է 1875ին եւ ժամանակի ընթացքին սկսած է զբաղելու նաեւ հրատարակչութեամբ: 1884ին հրատարակուած է «Առաքելի Գրադարան»ի գրացուցակը, որ առաջինն էր իր տեսակին մէջ: Գրքոյկի նպատակն էր ընթերցասէր հասարակութեան համար դիւրացնել իրեն անհրաժեշտ գիրքերու որոնումը:
Աղբիւրին համաձայն՝ Պապըալիի մէջ ընդհանրապէս սկզբնական շրջանի բոլոր գրավաճառները եղած են հայեր: Հայերու շնորհիւ է, որ գիրքը դարձած է առուծախի առարկայ, վաճառուած սրճարաններու, խանութներու եւ այլ մարդաշատ վայրերու մէջ:
Առաքել էֆենտին հրատարակած է օսմանեան շրջանի գրողներէն Ահմեթ Ռասիմի եւ Հալիթ Զիայի շարք մը ստեղծագործութիւնները: Աւելի ուշ Մուալլիմ Նաճիի հետ ձեռնարկած է հրատարակման դասագիրքերու, որոնք տպագրուած են 100աւոր օրինակներով: 1891-94 թուականներուն, Առաքել Թոզլուեան «գրպանի գիրք»ի չափով շարք մը վէպեր հրատարակած է:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ Առաքել Թոզլուեանէն առաջ Թորոս անունով մարդ մը Պապըալիի մէջ գրախանութ բացած է, սակայն գործերը այնքան ալ յաջող չեն ընթացած. ան ստիպուած եղած է գիրքերը պարկերու մէջ լեցնելով՝ վաճառելու եւ հեռանալու:
Իբրեւ Պապըալիի առաջին գրավաճառ յայտնի է Առաքել Թոզլուեան: Վերջինիս մասին կենսագրական տուեալները քիչ են: Յայտնի է, որ Առաքել էֆնետին ծագումով Կեսարիայէն եղած է: