ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հոկտեմբեր 14ին, Պեվըրլի Հիլզի մէջ կայացած «Ամիտիսթ»ի եւ անոր Լիբանանի խորհրդակցական մարմինին իրականացուցած «Կրթական Հերոս» ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան ի նպաստ յաւելեալ դրամահաւաք կատարելու նպատակով տեղի ունեցած էր նաեւ զանազան նուէրներու, սպասարկութեանց եւ ճամբորդութիւններու համար աճուրդներ, որոնց մէկ մասը, որոշ դժուարութիւններու պատճառով՝ կարելի չէր եղած ամբողջացնել:
Կազմակերպիչները որոշած են մնացեալ նուէրներուն համար աճուրդը շարունակել համացանցի ճամբով։ Անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց ներդրումը ունենալ կազմակերպութեան բարեսիրական ջանքերուն, կրնան այդ մէկը կատարել՝ աճուրդներուն մասնակցելով եւ այցելելով https://501auctions.com/amideastgala/category/all/1 կայքէջը։
Նշենք, որ Միջին Արեւելքի տարածքին կրթական սպասարկութիւններ մատուցող եւ Պէյրութի մէջ 1968ին իր գրասենեակը բանալէն ի վեր, բարեսիրական «Ամիտիսթ» (AMIDEAST) հիմնարկը յատկանշական օժանդակութիւններ տրամադրած է հազարաւոր լիբանանցի ուսանողներու, որոնք կազմակերպութեան աջակցութեամբ կրցած են Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց ուսումը շարունակել: Միայն վերջին քանի մը տարիներուն, «Ամիտիս»չի տրամադրած աջակցութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է ապահովել 18 միլիոն տոլարի կրթանպաստներ, որոնց շնորհիւ հարիւրէ աւելի ուսանողներ սկսած են յաճախելու ամերիկեան հեղինակաւոր համալսարաններ: Կազմակերպութիւնը (www.amideast.org) հիմնուած է 1951ին՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, եւ գրասենեակներ ունի Միջին Արեւելքի ու հիւսիսային Ափրիկէի տարածքին: