«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը մեզմէ մէկ տարիով տարեց է: Անցեալ Շաբաթ օր «Ժամանակ»ին 110րդ տարեդարձն էր: «Ասպարէզ» կը շնորհաւորէ մեր երէց պաշտօնակիցին տարեդարձը եւ պոլսահայութեան ծառայելու առաքելութեան ճամբուն վրայ յարատեւութիւն ու նոր յաջողութիւններ կը մաղթէ անոր:
Ստորեւ՝ այս առթիւ «Ժամանակ»ի խմբագրականը.
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը թեւակոխեց իր հրատարակութեան 110րդ տարին: Հայ մամլոյ նահապետը 28 Հոկտեմբերին դարձաւ 110 տարեկան: Իր գոյութեան երկրորդ դարուն մէջ, ան արդէն բոլորեց տասնամեակ մը եւս: Ուրեմն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ կ՛ողջունէ նոր տարի մը, նոր հանգրուան մը՝ իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ ինքնավստահ ու մանաւանդ իր հաւատարիմ ու սիրեցեալ ընթերցողներուն հետ ուս ուսի, սիրտ սրտի:
ԺԱՄԱՆԱԿի բազմակողմանի առաքելութիւնը արդէն նոր երանգներ կը ստանայ արդի դարաշրջանին մէջ: Իր գործունէութիւնը կը բիւրեղանայ հիմնական քանի մը առանցքի շուրջ: Նախ եւ առաջ, լրատուամիջոց մը ըլլալը կը պայմանաւորէ անոր երթը: Թրքահայութեան պարագային յաւակնոտ է ան՝ իր հաղորդումներու արագութեամբ, ճոխութեամբ, ինչպէս նաեւ յստակ դիրքորոշմամբ:
Յետոյ, իր դիմագիծի բնորոշիչ երեսակներէն մին է լեզուն: ԺԱՄԱՆԱԿ կը մնայ աշխարհի այն սակաւաթիւ օրաթերթերէն մին, որ կ՛արտադրուի արեւմտահայերէնով: Իր լինելութեամբ իսկ, ան վիթխարի ժառանգութեան մը մերօրեայ համեստ իրաւայաջորդն է:
Եւս առաւել, ԺԱՄԱՆԱԿի առանձնայատկութիւններէն մին է իր արտադրութեան վայրը: Պատմական Պոլսոյ մէջ, Թուրքիո՛յ մէջ, հայերէն օրաթերթի մը գոյութիւնը ունի խոր նշանակութիւն, որուն պրիսմակէն դիտարկուած՝ ԺԱՄԱՆԱԿի գործունէութեան ամբողջական ու լիարժէք իմաստը կը յստականայ: Պոլսոյ խոր աւանդութիւններուն շառաւիղներէն մին է այս թերթը ու տակաւին՝ անոր գոյատեւումը անանտեսելի հանգամանք մըն է հայ-թրքական յարաբերութիւններու տեսակէտէն:
Մօտաւոր անցեալի դարադարձէն ի վեր, ԺԱՄԱՆԱԿ այս բոլորի լոյսին տակ կը ջանայ նոր եռանդով արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերը, կը ջանայ հնարաւորինս բաւարարել պահանջներն ու սպասումները: Թերթիս համացանցի կայքէջը դարձած է եզակի պատուհան մը, իսկ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը կը ճոխանայ՝ անցեալի լոյսը սփռելով ապագայի ճանապարհին վրայ:
Անշո՛ւշտ, հայապահպանութեան հարցերն ու Սփիւռքի ինքնութեան տագնապը կրնան միամտութեան վերածել լաւատեսութիւնը, բայց ինչպէս կը կրկնենք ԺԱՄԱՆԱԿի բոլոր տարեդարձներուն՝ այս թերթը կ՛առաջնորդուի այն սկզբունքով, թէ լաւագոյն դիմադրութիւնն է արտադրութի՛ւնը: Տարեդարձի օրուան բարձր տրամադրութեամբ կը վերանորոգենք մեր յամառ աշխատանքի կորովն ու մեր յանձնառութիւնը՝ մեր արժէքներուն նկատմամբ:
***
Տարեդարձի օրուան յուզումով երանութեամբ կ՛ոգեկոչենք ԺԱՄԱՆԱԿի յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները: Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ: Անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը: Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ամենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ՝ վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար: Մեր սրտի տրոփին մէջ են Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն: Կ՛աղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան եւ Էպէօղլու գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար: Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիք պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչային սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին լոյսով, բազկին ուժով, աչքին լոյսով անխնաօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար: Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը՝ արդէն 110 տարիէ ի վեր:
ԺԱՄԱՆԱԿի 110ամեակին, երբ նոր շրջանի մը այգաբացին կանգնած՝ կը ջանանք դիտարկել հորիզոնը, մեր սրտին մէջ ունինք անկեղծ մաղթանք մը. մաղթանք, որ իր մէջ նուիրում եւ ծառայութիւն կը պարփակէ հայ մամլոյ բոլոր ընթերցողներուն նկատմամբ: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը թող շարունակէ մնալ հայ մամլոյ աշխարհի մշտավառ կանթեղը, եւ անոր լոյսը ըլլայ մի՛շտ փայլուն եւ խորհրդաւոր: