ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, «Պի.Պի.Սի.».- 70 թեր եւ 10 դէմ ձայներով, Քաթալոնիոյ շրջանային խորհրդարանը Հոկտեմբեր 27ին վաւերացուց Սպանիայէն անկախանալու բանաձեւը։ 135 հոգինոց խորհրդարանի ընդդիմադիր պատգամաւորները նիստէն հեռացան նախքան քուէարկութիւնը՝ բողոքելով բանաձեւին դէմ։
«Կը հիմնենք Քաթալոնական Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան երկիր, օրէնքի գերակայութեամբ», ըսուած է բանաձեւին մէջ:
Մինչ այդ, Սպանիոյ Ծերակոյտը Մատրիտի իշխանութիւններուն շնորհեց Քաթալոնիայէն ինքնավարութեան իրաւունքը խլելու լիազօրութիւնը, մինչ Սահմանադրական ատեանը սկսաւ քննելու շրջանային խորհրդարանը լուծելու մասին Սպանիոյ կառավարութեան դիմումը։