ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Եւրոխորհրդարանի հինգ պատգամաւորներ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպած են եւ անոր ընթացքին կոչ ըրած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ազատ արձակելու բանտարկուած լրագրողները:
Թրքական «Տիքեն» լրատուամիջոցը կը նշէ, թէ պատգամաւորները իրենց ձեռքերուն մէջ ունեցած են կալանաւորուած հինգ լրագրողներու լուսանկարներ՝ շեշտելով, որ անարդար կերպով բանտարկուած լրագրողները պէտք չէ մոռացութեան մատնուին:
Սլովենիայէն պատգամաւոր Թանիա Ֆաճօ ցաւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ ներքաղաքական դրութիւնը աստիճանաբար աւելի կը վատթարանայ եւ այդ պայմաններուն տակ արտայայտուելու ազատութիւնը կը սահմանափակուի, իսկ լրագրողներու ձերբակալութիւնները կը բազմանան: