ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Պաքու պիտի այցելէ Հոկտեմբեր 30-31ին, Իլհամ Ալիեւի կողքին մասնակցելու համար Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի բացման արարողութեան: Անոնց պիտի միանայ նաեւ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին, ինչպէս նաեւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւ:
Հայաստանը շրջանցող եւ մօտաւորապէս 900 քիլոմեթր երկայնքով այս երկաթուղիին կառուցումը սկսած էր 10 տարի առաջ:
Միւս կողմէ, Հոկտեմբեր 31ին տեղի պիտի ունենայ Ատրպէյճան-Թուրքիա ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստը՝ երկու երկիրներու նախագահներուն մասնակցութեամբ: Ընթացքին պիտի քննարկուին միջազգային շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Արցախի հակամարտութիւնը: