ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէնէն տարածուած հիւանդութեան մասին է ակնարկութիւնս: Ամէն մարդ ի՛նք կը զգայ, երբ գլխացաւ ունենայ, իսկ կողքին կանգնած մարդը կրնայ անտեղեակ ըլլալ իր կացութեան, նոյնիսկ եթէ ան մասնագէտ բժիշկ մը ըլլայ: Ուրեմն, որքան անձնական խնդիր է գլխացաւը:
Փոխաբերական իմաստով ալ կարելի է օգտագործել գլխացաւի վերոյիշեալ պատկերը: Կեանքի տարբեր ելեւէջներու ընթացքին, մարդ կրնայ հանդիպիլ դժուարութիւններու, որոնք կամքէ անկախ պատճառներով կը մտնեն իր կեանքի դռնէն ներս: Որքան ալ փորձենք հեռու մնալ մեզի գլխացաւ պատճառող խնդիրներէ, դարձեալ անոնք մեզ հանգիստ չեն թողուր եւ ուր ալ ըլլանք կը գտնեն մեզ, իրենց ունեցած «շնորհք»ը ցոյց տալու, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ տհաճ գլխացաւ:
Չկայ մարդ, որ վերը նշուած պարբերութիւնը չհասկնայ: Որովհետեւ ամէն մարդ ալ գիտէ ինչ կը նշանակէ գլխացաւ ունենալ, ոչ-ֆիզաքական առումով: Արաբական առածը կ՛ըսէ. «Գլխացաւ պատճառող մարդէն հեռու կեցիր եւ անոր մասին տաղեր հիւսէ»: Անցեալի իմաստութիւնը փորձուած կեանքի վրայ հիմնուած է անկասկած: Այդ է պատճառը, որ մինչեւ այսօր նման առածներ իմաստազուրկ կամ ժամանակավրէպ չեն դարձած, այլ երբեմն նոյնիսկ «փրկարար» դեր կը կատարեն, սորվելու պատրաստակամութիւն ունեցող մարդոց կեանքին մէջ, զգուշացնելով զանոնք անակնկալ թակարդներու մէջ իյնալու փորձութենէն:
Մարդիկը տարբեր խմբաւորումներու կարելի է բաժնել, այնպէս ինչպէս կենդանական աշխարհին մէջ նոյն ընտանիքին պատկանողները: Մարդու տեսակ կայ, որ վերոյիշեալ «գլխացաւ»ը կը սիրէ: Այսինքն, այդ խմբաւորման մէջ գտնուող մարդիկ կը սիրեն փրփրացող եւ ալեկոծ ջուրերու մէջ լողալ: Անոնց համար անիմաստ կը դառնայ կեանքը, երբ միապաղաղ ըլլայ այն գետը, որուն մէջ պիտի լողան: Այսինքն, յանկարծակի դէպքերով եւ անակնկալներով լեցուն կեանք մը շատ աւելի հաճելի պիտի անցնի այս խմբաւորման տակ գտնուող մարդոց համար, քան ամէն իմաստով ապահով եւ նախածրագրուած կեանք մը…։ Այս նախադասութիւնները կարդալով եւ այս զոյգ խմբաւորումներու կամ մարդկային տեսակներու մասին տեղեկութիւն ստանալով, ոմանք իրենք իրենց պիտի տեղադրեն այս կամ միւս խումբին մէջ: Ա՛յս է կեանքը, եւ չի՛ կրնար «կեանք» կոչուած այս իրականութիւնը բոլորիս համար միեւնոյնը ըլլալ:
Գլխացաւը «սիրող» մարդոց այս խմբաւորման կը պատկանին արկածախնդիրներ, որոնք երբ գլխացաւ չունենան, ոչ բնական վիճակի մէջ կը զգան իրենք զիրենք: Անոնք անպայման անբնական վիճակներ կը փնտռեն, «գործ» ունենալու համար: Ուրիշ խօսքով, առանց գլխացաւի կեանք մը, իրենց համար անգործութեան նման տաղտուկ պատճառող կեանքի համազօր է:
Երկրորդ ենթաբաժինին տակ գտնուողները գլխացաւէ փախչողներն են, որոնք «գլուխ չունին», ինչպէս խօսակցական լեզուի արտայայտութիւնը կ՛ըսէ: Անոնք գլխացաւը կ՛ատեն, որովհետեւ ոչ թէ միայն խաղաղութիւն կը սիրեն, այլ՝ չեն ուզեր իրենց ներքին անդորրը վրդովել: »Կեանք« հասկացողութիւնը իրենց համար միտքի, խիղճի եւ մարմինի հանգստութիւնն է, ոչ-խռովարար կեանքը, որ նոյնիսկ եթէ պտղաբեր ալ չըլլայ, անվնաս կ՛ըլլայ: Սա աւելի անձնասէր եւ անձնակեդրոն տեսակն է մարդոց, որոնց համար կեանքին կեդրոնը իրենց անձն է:
Նոյն ենթաբաժինին տակ կը գտնուին քիչ մը աւելի տարբեր տեսակի մարդիկ, որոնք թէպէտ հանգիստ ու անվրդով կեանքի պայմաններ կը սիրեն, սակայն կամայ թէ ակամայ կը բախուին դժուարութիւններու, ուրիշ խօսքով «գլխացաւ»եր կ՛ունենան, որովհետեւ իրենց նպատակը դրական արդիւնք ձեռքբերելն է այս կեանքին ընթացքին:
Երրորդ տեսակը կամ խմբաւորումը խումբն է շատ անհեթեթ կամ տարօրինակ մարդոց, որոնք չեն գիտեր թէ իրենք գլխացաւ ունին, այլ ուրիշներ իրենց կ՛ըսեն թէ գլխացաւ ունին, եւ իրենք կը սկսին մտահոգուելու այդ խնդիրով:
Միամիտներով լեցուն քաղաքներու եւ գիւղերու մասին բազմաթիւ զրոյցներ շրջան կ՛ընեն յաճախ: Այս զրոյցները ո՛չ ազգութիւն կը ճանչնան եւ ո՛չ ալ կրօն: Պարզապէս այդ մարդոց գլխաւոր յատկանիշը միամտութիւնը կ՛ըլլայ: Շրջան ընող նման զրոյցներէն մէկուն մէջ կը ներկայացուի երիտասարդ տղայ մը, որ գլուխը լաթով փաթթած, կ՛անցնի իրենց տան փողոցէն: Տեսնողները երբ կ՛ըսեն, թէ ինչո՞ւ գլուխը փաթթած է, անոնց կը պատասխանէ.
_ Մայրս ըսաւ թէ գլխացաւ ունիմ:
Զաւեշտախառն այս խօսքին հեղինակ երիտասարդը այնքան տկարամիտ է, որ չի գիտեր իր գլխացաւ ունեցած ըլլալը, եւ մայրը ըսելէն ետք է որ գլխացաւ ունի, լաթով կը փաթթէ գլուխը, իր գլխացաւը բուժելու համար…։
Կասկած չունենաք որ նման մարդիկ չկան այլեւս մեր ապրած օրերուն: Անոնք չեն նմանիր մամութներուն, որոնց տեսակը սպառած է բնութեան մէջ: Ո՛չ: Վերոյիշեալ կերպարներէն շատ կան ներկայիս, ամէն տեղ, նոյնիսկ մեր անմիջական շրջապատին մէջ, որոնք չեն գիտեր թէ այս կամ այն գլխացաւը ուրկէ՞ եկած է կամ ո՞վ պատճառած է իրենց: Նաեւ շատ են այնպիսիներ, որոնք պատմուածքին մէջ յիշուած մօր նման, մեզմէ աւելի գիտեն թէ մեր գլխուն մէջ ցաւ կայ…։ Եթէ մեր իսկական մայրը ըլլար, վստահելի կ՛ըլլար անոր զգացողութիւնը կամ վեցերորդ զգայարանքը: Սակայն եթէ պարզապէս մօր դերակատարութիւնը ստանձնած են ոմանք, այն ատեն այլ զաւեշտ մը սկիզբ կ՛առնէ, նոր զրոյցի մը դուռ բանալով…։
Ուրիշին գլխուն ցաւ փաթթելու մասնագիտութեամբ օժտուած անձեր բնաւ անգործ չեն մնար: Անոնք բժիշկներու հակապատկերն են: Մինչ բժիշկներ իրենց պայուսակին մէջ յատկապէս ցաւազերծիչ եւ այլ հիւանդութիւններու դեղեր կ՛ունենան, այս թշուառականները գլխացաւ պատճառող նիւթերով կը լեցնեն ո՛չ միայն իրենց պայուսակները, այլեւ իրենց գրպաններն ու ափերը…։ Անոնք շփոթած կամ դժուարութեան մէջ յայտնուած մարդոց որսորդներ են, որոնք գիտեն իրենց թակարդը լարել ճիշդ այնտեղ, ուրկէ պիտի անցնի պղտորուած միտքով եւ գինով քայլերով իրենց զոհը: Նման թշուառականներու թակարդը ինկած անձը ամենայն անկեղծութեամբ կ՛ըսէ՝ «գլխացաւ ունիմ», որովհետեւ հաւատացուցած կ՛ըլլան իրեն, թէ իսկապէ՛ս գլխացաւ ունի: Այն գլխացաւը որ ան ունէր, թերեւս շուտով չքանար, եթէ գլխացաւի «մասնագէտ»ներ իրեն չյիշեցնէին, թէ գլխացաւ ունի: Թերեւս ալ մինչեւ կեանքին վերջը չանդրադառնար, թէ գլխացաւ ունի, եթէ գլխացաւ պատճառող յաւելեալ նիւթեր չներարկուէին իր արեան մէջ:
Ոչ-ֆիզիքական գլխացաւին դէմ պայքարը՝ կամքն է: Կամքը կեանքի շարք մը երեւոյթներու դէմ պայքարերու միջոցն է, ճի՛շդ է, սակայն բնական ընթացքով մեր դէմ ցցուած դժուարութիւններէ բացի, ուրիշներու կողմէ մեզի պատճառուած գլխացաւերուն դէմ պայքարերու հիմնական ոյժերէն մէկն է անիկա: Կամքը ունի նաեւ օժանդակ զգացում մը, որ արհամարհանքն է բոլոր տեսակի ժխտական երեւոյթներու: Որքան հեռացնես քեզմէ ժխտական երեւոյթները, այնքան շուտ կը բուժուին ուրիշներէ պատճառուած գլխացաւերդ:
Ուրիշը եթէ ըսէ, թէ «գլուխդ կը ցաւի», մի՛ փութար գլուխդ լաթ փաթթել, որովհետեւ այդ լաթին մէջ աւելի՛ գլխացաւ կայ, քան գլխուդ: Թերեւս «գլուխդ կը ցաւի» ըսողը «բարեխղճութեամբ» լաթ ալ տրամադրէ քեզի, որպէսզի անով գլուխդ փաթթես: Հաւատա՛ որ գլուխդ աւելի՛ պիտի ցաւի անոր տրամադրած լաթը փաթթելէդ ետք: Դուն վստահէ՛ կամքիդ ոյժին, եւ գլխացաւերդ շուտով պիտի բուժուին: