ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ճանչցած եմ գործընկեր բժիշկ Զաքար Մկրեանը բժշկութեան ուսանողութեանս շրջանին եւ մասնագիտութեանս տարիներուն՝ 1960-1969 թուականներուն, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր բժշկական-առողջապահական յօդուածներուն ընդմէջէն: Այդ տարիներուն մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայի իր գրութիւնները եւ շատ բան կը սորվէի անոնցմէ: Բժշկական ուսանողական գիրքերուս կողքին, իր գրութիւնները կը նկատէի օժանդակ յաւելուածներ:
Հայերէնով գրուած այդ բժշկական-առողջապահական գրութիւնները առաւել օգտակար կը դառնային, որովհետեւ անոնք կը ծառայէին բժշկական հայերէն բառամթերքս հարստացնելու եւ զարգացնելու: Անոնք օգտաշատ եւ նպատակայարմար գրութիւններ դարձան ինծի համար յետա-գայ տարիներուն, երբ նետուեցայ գործի դաշտ եւ բժշկական իմ դողդոջ գրութիւններով ի յայտ եկայ հանրութեան: Կարդալով իր գրութիւնները, մէջս արմատացած էր այն համոզումը, որ բժիշկ Զաքար Մկրեան իր ժողովուրդին մեծապէս օգտակար կը հանդիսանար իր բժշկական-առողջապահական գրութիւններով, որոնք կը գրուէին շատ պարզ, հասկնալի եւ մաքուր հայերէնով: Շարունակ կ՛ըսէի ես ինծի. «Ե՞րբ առիթը պիտի ընծայուի ինծի անձամբ տեսնուելու այս յարգելի բժիշկը եւ ծանօթանալու անոր հետ:
1969ի Յուլիսին, ամբողջացնելէ ետք մասնագիտութիւնս Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցի «քիթ-կոկորդ-ականջ» բաժանմունքին մէջ, որոշեցի անմիջապէս հաստատել անձնական դարմանատունս եւ անցնիլ գործի: Երկու ամիսներու ընթացքին պատրաստուեցաւ դարմանատունս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մօտ, Քլեմանսօ թաղամասին մէջ: Այս երկու ամիսներուն ընթացքին այցելեցի Պէյրութի մէջ գործող հայ բժիշկներու մեծամասնութեան՝ ծանօթանալու անոնց հետ եւ տեղեակ պահելու զիրենք, որ շուտով պիտի սկսէի աշխատելու իմ մասնագիտութեան մէջ: Այդ այցելոււթիւններէն ամէնէն յատկանշականը եղաւ բժիշկ Զաքար Մկրեանին այցելութիւնս: Մեր հանդիպումը պաշտօնականութենէ դուրս եղաւ՝ իր որոշումով: Երկար հանդիպում մըն էր, որ եղաւ երէց եղբօր մը կողմէ տրուած յորդորներով լեցուն, քաջալերական խօսքերով լի, եւ բարի ու անշահախնդիր գործակցութեան ոգիով ներշնչուած: Այդ օրէն սկսաւ մեր երկուքին մտերմութիւնը:
Ճանչցայ զինք իբրեւ սրտաբան մասնագէտ բժիշկ, մտաւորական, հայ իրականութեան մէջ որակաւոր հեղինակութիւն, ծառայութեան ոգիով թրծուած մաքուր հայ մարդ, ազգային անձնաւորութիւն, Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային երեսփոխան, Գաւառական ժողովի ատենապետ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ, Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործօն անդամ եւ ատենապետ, բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու մէջ գործող բժիշկ, անդամ, վարչական պատասխանատու եւ ատենապետ, իր ժողովուրդի առողջութեամբ մտահոգ բժիշկ եւ, վերջապէս, հայ լեզուի մաքուր եւ ճշգրիտ գործածութեան ջատագով:

Ես պատիւը ունեցայ իր հետ գործակցելու Լիբանանահայ բժշ-կական միութեան գործադիր մարմինին մէջ: Իրեն վստահուած էր ատենապետութիւնը եւ ես՝ իբրեւ ատենադպիր գործեցի եւ գործակցեցայ իր հետ ամբողջ երկու տարի: Ժողովներու ատենագրութիւնները կը կարդայի մեր հերթական ժողովներուն եւ վաւերացնելէ ետք ատենագրութիւնը հետեւալը կ՛ըսէր. «Կարպի՛ս, այս ի՞նչ կատարեալ, անթերի եւ անբողջական ատենագրութիւն պատրաստած ես նորէն»:
Յաճախ մանր կատակներով կը համեմէր մեր ժողովները: Երկար չէր խօսեր, եւ կ՛ուզէր ժողովները սկսէինք ճշդուած ժամուն եւ վերջացնէինք առանց ժամավաճառութեան եւ շատախօսութեան:
Բժիշկ Զաքար Մկրեան մեծցաւ, ապրեցաւ եւ գործեց իր շատ սիրած ծննդավայր Պուրճ Համուտի մէջ, որ իրեն համար նկատուած էր փոքրիկ հայրենիք մը:
Բժիշկ Զաքար Մկրեանի բժշկական-առողջապահական գրութիւնները հարստացուցին «Ազդակ» օրաթերթի սիւնակները: Ան գրեց 30 տարիներ շարունակ՝ օգտակար հանդիսանալով հայ ընթերցողին: Իր բժշկական գրութիւններով տեղեկացուց հայ հասարակութիւնը զանազան տեսակի հիւանդութիւններու մանրամանութիւններուն մասին, փոխանցեց բժշկական-առողջապահական գիտելիքներ, յանձնարարութիւններ, թելադրութիւններ եւ շարունակ շեշտեց կանխազգուշութեան կարեւորութիւնը:
Բժիշկ Զաքար Մկրեան հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին 1999ին, մեծ բաց մը ձգելով լիբանանահայութեան կեանքին մէջ:
2007ին իմացած էի, որ բժիշկ Զաքար Մկրեանն կողակիցին՝ համեստափայլ տիկին Յասմիկ Մկրեանի ջանքերով հրատարակուած էր Պէյրութի մէջ բժիշկին 30 տարուան գրութիւններուն հաւաքածոն՝ «Վկայութիւն Եւ Պատգամ» խորագիրով հատորը: Շատ փորձած էի ունենալ օրինակ մը այս հատորէն, սակայն ապարդիւն:
Պէյրութ կատարած վերջին այցելութեանս ընթացքին՝ 2017ի Յունուարին, զանազան գրադարաններու հարցուցի տոքթորի գիրքին մասին, որպէսզի օրինակ մը ապահովեմ: Դարձեալ ձախողեցայ: Այցելութիւններուս շարքին այցելեցի նաեւ «Համազգային»ի տպարանը եւ գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին: Մեր խօսակցութիւներուն ընթացքին արծարծեցի բժիշկի գիրքին հարցը եւ օրինակ մը ունենալու փափաքս յայտնեցի: Յակոբ Հաւաթեան տեղէն ցատկեց եւ դիմացի պահարանին մէջէն գիրք մը վերցուց եւ ինծի հրամցուց՝ ըսելով. «Ահաւասիկ ուզած գիրքդ, սիրելի բժիշկ Կարպիս»: Մեծ եղաւ ուրախութիւնս եւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցի Յակոբին, որ ինքն ալ իմ ուրախութեանս բաժնեկից դարձաւ եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ բժիշկ Կարպիս, հիմա կրնաս մեզմէ առյաւէտ բաժնուած յարգելի գործընկերոջդ մեծածաւալ հատորը ըմբոշխնել եւ խորհրդակցիլ իր հետ»: Ուստի, բարեբախտութիւնը ընծայուեցաւ ինծի անձնական օրինակ մը ունենալ «Վկայութիւն Եւ Պատգամ» հատորէն շնորհիւ Յակոբ Հաւաթեանին:
Պէյրութի մէջ առիթը չունեցայ թղթատելու եւ կարդալու «Վկայութիւն Եւ Պատգամ»ը: Մոնթրէալ վերադառնալէ ետք կարդացի այս ծաւալուն գիրքը՝ մեծ գոհունակութեամբ: Երբ կը կարդայի, կարծէք բժիշկ Զաքարը դէմս նստած կը զրուցէր հետս եւ իր տարտերը ինծի հետ կը բաժնէր:
«Վկայութիւն Եւ Պատգամ» հատորը 771 էջերով ծաւալուն գիրք մըն է: Գիրքը կը սկսի «Սրտի Խօսքով»՝ գրուած բժիշկին ազնուափայլ տիկնոջ՝ Յասմիկ Մկրեանին կողմէ: Անոր կը յաջորդէ «Տոքթ. Զաքար Մկրեանի Կենսագրական Գիծերը» գրութիւնը եւ նկարներու շարք մը, որոնք կը ներկայացնեն բժիշկ Մկրեանի կեանքի բոլոր երեսները:
Գիրքին բովանդակութիւնը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէն.
- «Բժշկական Վկայութիւններ», որոնք կը պարփակեն հետեւեալ գլուխները՝
«Բժիշկ-բժշկութիւն», Առողջութիւն-կանխազգուշութիւն», «Հիւանդներ-մտահոգութիւներ», Հիւանդներ-դեղեր», «Մանուկին Կազմաւորումը Եւ Առողջութիւնը», «Ընդհանրական Հիւանդութիւններ», «Փոխանցիկ Հիւանդութիւններ», «Ցաւեր», «Մոլութիւններ», «Առօրեայ Մտահոգութիւններ», «Ծերութեան Հիւանդութիւններ», «Արեան Հարցեր», «Սրտի Հարցեր Եւ Դարմանումներ», «Շնչառութեան Հարցեր», «Ջերմաստիճանի Խանգարումներ», «Հոգեկան-ջղային Խանգարումներ», «Երակային Հարցեր», «Ստամոքսի Հարցեր», Մարսողութեան Հարցեր», «Օրկանական Հարցեր» «Բերանի Եւ Ականջի Հարցեր»: Այս բոլորը ներկայացուած են 215 գրութիւններով 460 էջերու վրայ:
- «Ապրուած Փորձառութիւններ» (բժշկական)՝ 26 գրութիւններ՝ 60 էջերով.
- «Ազգային Տրոփներ»՝ 62 գրութիւններ՝ 113 էջերով.
- «Ընկերային Երեւոյթներ»՝ 17 գրութիւններ՝ 50 էջերով.
- «Յուշագրական Էջեր»՝ 6 գրութիւններ՝ 26 էջերով.
- «Բանաստեղծական Խոհեր»՝ 13 գրութիւններ (անտիպ)՝ 21 էջերու վրայ.
- «Նամականի»՝ չորս նամակներ ներկայացուած 16 էջերով.
- «Բովանդակութիւն»՝ 10 էջ:
Բժիշկ Զաքար Մկրեան երեսուն տարիներ շարունակ գրած է եւ այս գիրքը արգասիքն է իր տարած աշխատանքին: Գրած է բժշկական եւ առողջապահական այժմէական հարցերու եւ նիւթերու մասին, արծարծած է ազգային եւ ընկերային հարցեր, բժշկական բարոյագիտութիւն, բժիշկներու դիմագրաւած դժուարութիւններ:
Ան գրած է իր յուշերը անկեղծօրէն եւ ինքնաբուխ: Արծարծած է իր մտահոգութիւնը իր լսած եւ տեսած յոռի երեւոյթներու առնչութեամբ: Անդրադարձած է հոգեկան պոռթկումներով եւ ընդվզումներով՝ հանդէպ անարդարութիւններու մոլութիւններու: Ջանացած է խօսք հասկցնել խօսք չհասկցողներուն:
Գրութիւնները շատ հաղորդական են, դիւրամատչելի եւ հասկնալի: Անոնք գրուած են շատ մաքուր հայերէնով: Անոնք հարուստ են բժշկական եւ բժշկագիտական հայերէն բառամթերքով:
Գիրքը հարստացած է բժիշկ Զաքարի սրտէն բխած բանաստեղծական խոհերով, որոնք կը ներկայացնեն իր իղձերը, ներաշխարհը, հոգիին խռովքը, կեանքին հանդէպ հասկացողութիւնը, ընկերութեան հոգեվիճակը, սփիւռքահայութեան իրավիճակը եւ ապրումները: Գիրքը կը վերջանայ բժիշկ Զաքար Մկրեանի չորս նամակներով, որոնք գրուած են 1955-1961 ժամանակաշրջանին եւ ուղղուած են իր սիրելի դասընկերոջ՝ Պետրոս Ալահայտոյեանին:
Ես կարդացի «Վկայութիւն Եւ Պատգամ» հատորը եւ վայելեցի անոր բոլոր գրութիւնները: Ահաւասիկ «Առողջութիւն-Կանխազգուշութիւն» բաժինէն գրութիւն մը, որ կը նկատեմ այժմէական եւ խիստ կարեւոր: Անիկա տպուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ 20 Յունիս 1995ին: