ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի միջեւ:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատուամիջոցին՝ փակ դռներու ետին կայացած հանդիպումէն ետք կողմերը մամլոյ ասուլիս տուած են:
«Կը հաւատամ, որ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Իրաքի իրականացուցած քայլերը դրական արդիւնք պիտի տան։ Այս պահուն, Իրաքի հետ մեր առեւտուրը կը հասնի 9 միլիառ տոլարի: Մեր տարածաշրջանը ունի նրբութիւններ: Քննարկեցինք, թէ ինչպիսի՛ ռազմական, տնտեսական քայլեր կրնանք իրականացնել: Վերջերս հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը կայացուց հանրաքուէ իրականացնելու վերաբերեալ որոշումը, որուն նկատմամբ մեր մտահոգութիւնը յայտնեցինք», ըսած է Էրտողան՝ աւելցնելով, որ Իրաքի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նեցուկ կը կանգնին Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման:
Իր կարգին, Իրաքի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ, որ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող քրտական «ապօրինի» հանրաքուէին ընդդիմացած էր։