ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Ամերիկեան «The Robbins Company» ընկերութիւնը կը մասնակցի «Շնող» ջրաելեկտրակայանի (ՀԷԿ) կառուցման ծրագիրին: Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան մէջ, համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեցին Հայաստանի մէջ արձանագրուած եւ գործող «Էներգօ ինվեստ հոլդինգ» ընկերութիւնը եւ մեծ փապուղիներու հորատման միջազգային մեծ փորձառութիւն ունեցող, հանրաճանաչ «The Robbins Company» ընկերութիւնը: Յուշագիրի ստորագրման ներկայ եղան ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար Աշոտ Մանուկեան եւ հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ:
Ստորագրուած յուշագիրին համաձայն՝ ամերիկեան ընկերութիւնը ներդրում պիտի կատարէ՝ տրամադրելով «Շնող» ՀԷԿի կառուցման ծրագիրով նախատեսուած 22 քիլոմեթր երկարութեամբ ջրատար փապուղիի հորատման մեքենայ՝ ապահովելով մեքենայի օգտագործման համար տեղական անձնակազմի վերապատրաստման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ցուցաբերելով արհեստագիտական աջակցութիւն փապուղիի հորատման ընթացքին:
«Շնող» ՀԷԿի ծրագիրի իրականացման արժէքը կը գնահատուի շուրջ 150-190 միլիոն տոլար: