ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Յաջորդ տարի յոբելենական է 109ամեայ «Ասպարէզ»ին համար: Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի ծառայութեան փառաւոր վաստակով սոյն օրաթերթը, գալիք տարի կը դառնայ 110 տարեկան, եւ այս նշանակալի տարեդարձը նշելու կը պատրաստուի «Ասպարէզ»ի ընտանիքը:
Իբրեւ մեկնարկ 110ամեակի միջոցառումներուն, անցեալ Հինգշաբթի օր, 19 Հոկտեմբերին, «Ասպարէզ»ը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը Կլենտէյլի հանրայայտ ճաշարաններէն՝ «Ֆինիսիա»ի մէջ:
160է աւելի «Ասպարէզ»ականներու ներկայութեամբ սոյն հաւաքը հիւրընկալեց «Ֆինիսիա»ի սեփականատէր Արա Գաֆաֆեանը, որ, ի միջի այլոց, առաջին անգամը չէ, որ «Ասպարէզ»ին նիւթապէս կը զօրակցի:
Ձեռնարկի հովանաւորութիւնը ստանձնած էին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք կարելի է դասել մեր համայնքի կառոյցներուն հետեւողականօրէն զօրակցող ազգային բարերարներու շարքին:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութեան խնդրանքին ընդառաջելով՝ Վահէ Պէրպէրեան իր վերջին մենախօսութենէն՝ «Ուրեմն»էն, պատառիկներ ներկայացուց, հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ:
Երեկոյի ընթացքին խօսք առին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Այտա Տիմէճեան, թերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա խաչատրեան, անգլերէն բաժինի նախկին աշխատակից Թամար Գեւոնեան, հայերէն բաժինի խմբագիր Աբօ Պողիկեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան:
Ձեռնարկէն առաջ եւ երեկոյին ընթացքին կատարուած հանգանակութեանց շնորհիւ գոյացաւ աւելի քան 80,000 տոլար:
Նուիրատուներու ցանկը կը հրապարակենք յառաջիկային: