ԵՐԵՒԱՆ.- Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի ներկայութեամբ, Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (ՏԱ) գիտավերլուծարանի մը: Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փիոթր Սվիտալսքի, Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան, «Մայքրոսոֆ»չ կեդրոնի տնօրէն Արտաշէս Վարդանեան, տեղական եւ պետական կառավարման մարմիններէն եւ ՏԱ ոլորտէն առաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Եւրոմիութեան ու տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան միջոցներով հիմնուած գիտավերլուծարանը մարզի 17-35 տարեկան գործազուրկներուն կը տրամադրէ ՏԱ 5ամսեայ դասընթաց: Ծրագիրը, որուն կրնան մասնակցիլ շուրջ 200 անձեր, պիտի համագործակցի տեղական ՏԱ ընկերութիւններու հետ՝ բացայայտելու անոնց մարդուժի պահանջարկը, եւ ատոր հիման վրայ կրտսեր ծրագրաւորողներ պիտի պատրաստէ:
Նախարար Դաւիթ Լոքեան, ընդգծելով նման կեդրոնի բացման կարեւորութիւնը՝ յայտնեց, որ այս ծրագիրով փորձ կը կատարուի Շիրակի մարզին մէջ լուծել երիտասարդներու գործազրկութեան հարցը, բարելաւել անոնց գիտելիքներն ու հմտութիւնները ՏԱ ոլորտին մէջ:
Դեսպան Սվիտալսքի իր ելոյթին մէջ ընդգծեց նման ծրագիրներու կարեւորութիւնը. «EU4Business եւ EU4Regions նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի «Մայքրոսոֆ»չ կեդրոնին եւ Գիւմրիի ՏԱ կեդրոնին՝ Շիրակի մարզին մէջ ՏԱ զարգացումը խթանելու համար:
Բացման ելոյթներէն ետք ներկաները այցելեցին կեդրոնի սենեակները, ապա յայտարարուեցան ենթադրամաշնորհի արդիւնքները: 7 տեղական ՏԱ ընկերութիւններ 5000-10,000 եուրոյի դրամաշնորհներ կը ստանան՝ իրենց գործունէութեան ընդլայնման եւ ծրագիրի աշխատակիցներու համար նոր աշխատատեղերու ստեղծման նպատակով: