ԵՐԵՒԱՆ.- Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ վերահրատարակած եւ Երեւանի գրախանութներուն մէջ վաճառքի հանած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920/21) ռազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւնը», ինչպէս նաեւ Հնչակեան նշանաւոր գործիչներէն Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի «Պատասխանատուները» գործերը:
Ռուբէնի «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» գործը ձեռագիր վիճակով կը պահուի Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ, ուր գործը կը կրէ «Ռուբէն Տէր Մինասեանի Ուսումնասիրութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի (1919թ. Նոյեմբեր մինչեւ 1920թ. Ապրիլ) Գործունէութեան Մասին» խորագիրը:
300 օրինակ տպաքանակով եւ 240 էջերէ բաղկացած գիրքը վերահրատարակուած է արեւմտահայերէնով, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: Խմբագրութիւնը, ծանօթագրութիւնները եւ վերանանայումը կատարած է պատմաբան Գէորգ Եազըճեան: Հատորի ընդհանուր խմբագիրը լրագրող Թաթուլ Յակոբեանն է:
ՍԴՀԿի նշանաւոր գործիչներէն Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի 400 էջերէ բաղկացած «Պատասխանատուները» հատորը լոյս տեսած է 700 օրինակ տպաքանակով, արեւելահայերէնով, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ:
Այս հատորը կարեւոր աղբիւր է 1890ական թուականներու վերջերէն մինչեւ 1914ի հայ-թրքական դէպքերուն ու իրադարձութիւններու մասին:
Յատուկ այս հրատարակութեան համար յառաջաբան գրած է հնչակեան գործիչ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեան: Խմբագրութիւնը, ծանօթագրութիւնները եւ վերանայումը կատարած է պատմաբան Գէորգ Եազըճեան: Հատորի ընդհանուր խմբագիրը Թաթուլ Յակոբեանն է: