ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Ասիական զարգացման դրամատան (ԱԶԴ) տնօրէններու խորհուրդը հաստատած է 40 միլիոն տոլարի քաղաքականութեան վրայ հիմնուած վարկը, որուn նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի կառավարութեան շարունակական ջանքերուն՝ ուղղուած հարկապիւտճէական կայունութեան ամրապնդման եւ ֆինանսական շուկաներու զարգացման:
«Պետական պարտքի արդիւնաւէտ կառավարումն ու զարգացած ֆինանսական շուկաները անհրաժեշտ են Հայաստանի երկարաժամկէտ աճի եւ կայուն զարգացման համար», ըսած է Հայաստանի մէջ ԱԶԴի մշտական ներկայացուցչութեան տնօրէն Շէյն Ռոզենթալ՝ աւելցնելով. «Մենք կ՛օժանդակենք Հայաստանի կառավարութեան՝ իրականացնելու կարգ մը բարեփոխումներ՝ թափանցիկութեան բարձրացման, կառավարման բարելաւման եւ երկրին մէջ մասնաւոր ներդրումներու խրախուսման ուղղութեամբ, որոնք առաւել աշխատատեղեր կը ստեղծեն»:
ԱԶԴը Հայաստանի կառավարութեան հետ կը համագործակցի 2005էն ի վեր եւ առ այսօր հաստատած է 1.27 միլիառ տոլարի 26 վարկ եւ 16.5 միլիոն տոլարի 26 արհեստագիտական աջակցութեան դրամաշնորհ: