ԵՐԵՒԱՆ.- «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Լենա Նազարեան Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովի հարցուպատասխանի ժամուն արծարծեց «Դիլիջան» ազգային անտառին մէջ արձանագրուած ծառահատումներու հարցը:
Նազարեան նշեց, որ վերոյիշեալ անտառին մէջ ծառահատման 6000 դէպք արձանագրուած է: Իր հարցումը ուղղելով բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանին՝ պատգամաւորը ըսաւ, որ կրնա՞յ եզրակացնել, թէ պատկան մարմինները ձախողած են իրենց պարտականութիւններուն մէջ, եւ նախարարը ստիպուած դիմած է մասնաւոր ընկերութիւններու օգնութեան՝ պահպանութեան համար:
Նախարարը պատասխանեց, որ պնդումը, թէ պատկան մարմինները ձախողած են, հաստատման ենթակայ չէ:
«Իւրաքանչիւր ժամանակահատուած պահպանման իր իւրայատկութիւնն է ունեցել, եւ ամենեւին էլ կարեւոր չէ՝ անձն ով է եղել: Բացայայտուած իրաւախախտումը վերաբերում է «Դիլիջան» ազգային պարկի 64 տոկոսի ստուգմանը, քանի որ շատ աւելի տարածքում ստուգումներ իրականացնել օրէնքը թոյլ չի տալիս: Հարցի վերաբերեալ քննարկում է եղել, նախագահը յանձնարարել է անտառներում պահպանութիւնը խստացնել ու ուժեղացնել», ըսաւ Մինասեան:
Նախարարը նշեց նաեւ, որ այժմ անտառպահպանութեան 24 ժամեայ նոր համակարգ կը մշակուի:
«Զուգահեռաբար պէտք է աշխատանք տարուի քաղաքացիների հետ. էկոլոգիական (բնապահպանական-Խմբ.) մշակոյթի գիտակցութեան բարձրացումը շատ կարեւոր է», նշեց նախարարը: