ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, Գարեգին Բ. Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի հաստատման 90մեակին առիթով թեմակալ առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ թեմական խորհուրդի հրաւէրով հովուապետական այցով կու գայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Այցին ընթացքին վեհափառին կ՛ուղեկցին Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, գաւազանակիր Աղան աբեղայ Երնջակեան, Կաթողիկոսական գրասենեակի քարտուղար Ադամ քահանայ Մակարեան եւ Մայր Աթոռի բարերար Գաբրիէլ Չեմբերջեան:
Այցելութեան ծրագիրով վեհափառը պիտի նախագահէ թեմի 90ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, այցելութիւններ պիտի կատարէ հայկական դպրոցներ, առաջնորդարանին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ թեմի երիտասարդներու, հայկական վարժարաններու սաներու եւ շաբաթօրեայ դպրոցներու աշակերտներու հետ:
Հոկտեմբեր 29ին վեհափառը Ս. պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ տաճարին մէջ:
Հոկտեմբեր 30ին, վեհափառը մէկօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Մեքսիքա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ հայ համայնքին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի միջեկեղեցական յատուկ արարողութեան՝ ի յիշատակ երկրաշարժի զոհերուն:
Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, Նոյեմբեր 1-3 տեղի պիտի ունենայ նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովը: