ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւս անդրադարձած է «Անատոլիոյ մշակոյթ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ եւ յայտնի գործարար Օսման Քաւալայի ձերբակալութեան:
Փայլան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ազատ արձակելու Օսման Քաւալան՝ շեշտելով, որ ան մեծ իրագործումներ կատարած է ի նպաստ Թուրքիոյ:
Յիշեցնենք, որ Քաւալա Հոկտեմբեր 18ին, Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ ձերբակալուեցաւ:
Ըստ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութեան՝ Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը Քաւալան ձերբակալելու որոշում կայացուցած է այն հիմնաւորումով, թէ վերջինս առնչութիւն ունեցած է 2016ի Յուլիս 15ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձին:
Օսման Քաւալա հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ջատագովներէն է: Անոր կողմէ կազմակերպուած են հայ-թրքական հաշտեցման ուղղուած բազմաթիւ ձեռնարկներ՝ Թուրքիոյ մէջ: Քաւալա բազմաթիւ անգամներ գտնուած է Հայաստան ու այցելած է Ծիծեռնակաբերի Ցեղասպանութեան յուշարձանը։ Անոր պատկանող հրատարակչատան մէջ տպագրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքեր, իսկ անոր պատկանող «Ճեզայիր» սրահին մէջ կազմակերպուած են Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումներ ու ոգեկոչման ձեռնարկներ: