Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովի ծիրին մէջ Երեւան կը գտնուէր ճարտարագիտութեան դոկտոր, ինքնաշխատ համակարգերու կառավարման բնագաւառի գիտնական, Հայաստանի ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Քալիֆորնիոյ «Արփա» հիմնարկի նախագահ, Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի դասախօս Յակոբ Փանոսեան:
Հայ գիտնականին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի մէջ արդէն տասներորդ անգամն ըլլալով տեղի կ՛ունենայ «Նորարարութիւն» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն նպատակը երիտասարդ հայ գիւտարարները խրախուսելն է եւ կիրառական գիտութեան առաջընթացի ապահովումը, որոնք, իրենց կարգին, պիտի նպաստեն Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացման:
22 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ 2017ի մրցանակաբաշխութիւնը, որուն մասնակցեցան 11 երիտասարդ գիւտարարներ: «Անկախ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Յակոբ Փանոսեան ներկայացուց ոչ միայն այս ծրագիրը, այլ նաեւ Հայաստանի հետ կապուած իր այլ ծրագիրները, որոնք հիմնականօրէն ուղղուած են գիտութեան զարգացման եւ անոր կիրառման հնարաւորութիւններուն:
«Նորարարութիւն» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի, սակայն Փանոսեան կը նշէ, որ մրցոյթի մասնակիցները տարիէ տարի կը պակսին, ինչ որ կը վկայէ Հայաստանի մէջ գիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան նուազման եւ գիտութեան յետընթացի մասին:
Թէ ինչու մրցանակաբաշխութեան նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն չկայ, Փանոսեան տարբեր պատճառներ կը նշէ. «Ուսանողներուն մեծ մասը չ՛առներ գիտութեան ուղին, պետական կառոյցներն ալ անտարբեր են ոլորտին նկատմամբ. Հայաստանի իշխանութիւնները առտուընէ իրիկուն կը յայտարարեն, թէ նորարարութեան զարգացման ծրագիրներ կ՛իրականացնեն, բայց մենք արդէն տասներորդ տարին է, որ նորարարութեան մրցոյթ կը կազմակերպենք, եւ իշխանութիւններուն կողմէ՝ ոչ մէկ հետաքրքրութիւն: Հրաւէր կ՛ուղարկենք նախարարութիւններուն, որպէսզի ներկայ ըլլան: Եկող չկայ»: Սակայն պետական համակարգի անտարբերութիւնը չի խոչընդոտեր Հայաստանի մէջ նորանոր ծրագիրներու իրականացումը:
Հայաստանի հետ կապուած ծրագիրներ Փանոսեան սկսած է իրագործելու 80ականներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնելով Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը, 1988ին կը նախաձեռնէր Հայ գիտնականներու եւ ճարտարագէտներու համաշխարհային առաջին գիտաժողովը Լոս Անճելըսի մէջ, 1992ին խումբ մը հայ գիտնականներու աջակցութեամբ կը հիմնէր «Արփա» (ARPA- Analysis Research and Planning for Armenia) բարեգործական կազմակերպութիւնը, նոյն տարին Հայաստանի մէջ կը կազմակերպէր ուժանիւթի որորտի մասնագէտներու առաջին համաժողովը եւ այլն:
Այս տարի լրացաւ «Արփա»ի գործունէութեան 25ամեակը: «Արփա»ն ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն է, որուն նպատակն է նպաստել հայ գիտական ներուժի զարգացման ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ աշխարհի մէջ, խթանել Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ կրթական, տնտեսական, քաղաքական, առողջապահական եւ արհեստագիտական ոլորտներուն մէջ: Տարիներէ ի վեր, կազմակերպութիւնը կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի արհեստագիտական զանազան բնագաւառներ եւ համապատասխան ծրագիրներ կը մշակէ:
«Լոս Անճելըսի մէջ կը կազմակերպենք հեռավար ուսուցման սեմինարներ, որոնց միջոցով կը ծաւալենք մասնագիտական բանավէճեր հայութեան եւ Հայաստանի կարեւոր հարցերու շուրջ: Ունինք ամէնամսեայ հեռավար դասախօսութիւններ: Միացեալ Նահանգներու զանազան նահանգներէ մասնագէտներ գիտութեան եւ մասնաւորապէս ճարտարագիտութեան նորարարութիւններու մասին իրենց գիտելիքներն ու գիտութեան բնագաւառի վերջին տեղեկութիւնները հեռավար դասախօսութիւններու միջոցով կը փոխանցեն Հայաստանի տարբեր համալսարաններու ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին», կը թուարկէ Փանոսեան:
Յառաջիկայ մեծ ծրագիրներէն մէկն ալ կապուած է Nanotechnology-ի զարգացման հետ:
«Արփա»ն կը պատրաստուի Հայաստանի մէջ հիմնել Nanotechnology-ի կեդրոն, եւ այդ նպատակով անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ կազմակերպեց հանդիպում Հայաստանի մէջ Nanotechnology-ով զբաղող ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ եւ քննարկեց ոլորտի իրավիճակն ու հարցերը:
«Շուրջ 10 կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպեցանք, որոշեցինք համագործակցիլ, որպէսզի կարենանք ծրագիրներ պատրաստել»: Փանոսեան կը մասնակցէր համաժողովի մը, որ նուիրուած էր Իրանի հետ համագործակցութեան: Պարզուած է, որ Իրանի մէջ Nanotechnology-ի ոլորտը մեծ արագութեամբ կը զարգանայ. այնտեղ կը գործեն շուրջ 166 ընկերութիւն:
Յայտնի դարձած է, որ հայկական շարք մը ընկերութիւններ իրենց կարիքներուն համար կը փորձեն համագործակցիլ իրանեան Nanotechnology-ի ընկերութիւններու հետ, մինչդեռ նոյն ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող մեր գիտնականներուն հետ որեւէ համագործակցութիւն չկայ:
«Ես քով- քովի բերի ընկերութեան պատասխանատուն եւ մեր գիտնականը եւ ըսի. «Դուք ինչո՞ւ իրարու հետ չէք խօսիր», ըսին. «Մենք իրարմէ տեղեակ չենք: Մեր մասնագէտները շատ բարձր մակարդակի են, բայց, ցաւօք, գործակցութիւն չկայ: Ասիկա նաեւ մտածելակերպի հարց է: Իսկ մեր աշխատանքը նաեւ նման հարթակներ ստեղծելն է»:
Միւս կարեւոր ծրագիրը, որ սկսած են նախորդ տարի, միտուած է գիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան խթանման դպրոցական շրջանակներու մէջ: Ըստ Փանոսեանի՝ ամերիկեան դպրոցներու մէջ տեղի կ՛ունենան գիտական ցուցահանդէսներ, որոնց աշակերտները իրենց նորարարական ծրագիրները կը ներկայացնեն՝ սորվելով հարցերը գիտական ձեւով լուծել: Ատիկա նաեւ կը նպաստէ, որ աշակերտներուն մօտ դեռ դպրոցական տարիքէն գիտութեան նկատմամբ սէր ու հետաքրքրութիւն յառաջանայ:
Փանոսեան կը փափաքի, որ նման ծրագիրներ նաեւ Հայաստանի մէջ իրականանան, եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ որոշ քայլեր կատարած են: Անցեալ տարի շուրջ 80 դպրոցներու տնօրէններու եւ ուսուցիչներու համար գիտնականը դասընթացք կազմակերպած է՝ ներկայացնելով ծրագիրը, անոր կարեւորութիւնն ու Հայաստանի մէջ իրականացնելու հնարաւորութիւնները: Այս տարուան Հոկտեմբերին, 40 դպրոցներ պիտի մասնակցին նման ցուցահանդէսի: Ծրագիրի հեղինակը յոյս ունի, որ անիկա Հայաստանի մէջ կայանայ, եւ աշակերտները հնարաւորութիւն ունենան մասնակցելու նաեւ այդ ոլորտին մէջ դպրոցականներու համար իրականացուող ամերիկեան International science and engineering sphere ցուցահանդէսին, որուն կը մասնակցին աշխարհի զանազան երկիրներու աշակերտներ՝ պայքարելով լաւագոյն մրցանակին համար։
Կարեւորելով գիտութեան դերը երկրի տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ՝ գիտնականը ցաւով կը նկատէ, որ գիտութիւնը Հայաստանի մէջ աւելի շատ բացասական ուղղութիւն ունի, քան դրական. «Մանաւանդ համալսարաններու մէջ կը նկատենք մակարդակի անկում», յայտնեց ան: