ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ, «Էյ.Փի.».- Քալիֆորնիոյ ապահովագրական հարցերու յանձնակատար Տէյվ Ճոնզ յայտարարեց, որ նահանգի հիւսիսային շրջաններուն մէջ Հոկտեմբեր 9ին սկսած հրդեհները առնուազն 1.05 միլիառ տոլարի վնաս հասցուցած են ապահովագրուած կառոյցներու։ Այս գումարին հասնելու համար նկատի առնուած են 8 մեծագոյն ապահովագրական ընկերութիւններու տուեալները եւ չեն ներառներ ոչ-ապահովագրուած կալուածները։
Հրդեհները ամբողջովին ոչնչացուցած են մօտաւորապէս 7000 բնակարաններ եւ այլ կառոյցներ:
Նաեւ, հրդեհներուն զոհ գացած է առնուազն 42 հոգի, որոնցմէ 22ը՝ Սոնոմա շրջանին մէջ: Տեղական իշխանութիւնները մտահոգութիւն ունին, որ զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ, որովհետեւ տասնեակներով քաղաքացիներ անյայտ կը մնան տակաւին։