ԱՐՊԻԼ, «Ռուտաու».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20ին, Քերքուք նահանգի Փիրտէ շրջանին մէջ զինեալ բախումներ տեղի ունեցած են Քրտական ինքնավար մարզի եւ շիիներու «Հաշտի Շաապ» խմբաւորման զինեալներուն միջեւ: Այս վերջինները, Իրաքի բանակին ընկերակցութեամբ, վերջերս քիւրտերէն խլած էին քարիւղով հարուստ Քերքուք քաղաքը։
Բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած են երկու լրագրողներ։ Թրքական «Հապերլեր» լրատուամիջոցին համաձայն՝ ընդհարումներուն ընթացքին երկու կողմերն ալ օգտագործած են ծանր զէնքեր:
Միւս կողմէ, քրտական ուժերը ապահովական միջոցառումներու նախաձեռնած են իրենց հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ։ Օրինակի համար, անոնք Արպիլ-Քերքուք մայուղիին մօտերը զօրքեր կուտակած են եւ փորած խրամատներ: Քրտական ուժերը այդ տարածքին մէջ նաեւ զրահապատներ տեղակայած են:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 25ին, Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին իբրեւ հակադարձութիւն տեղի ունեցած Քերքուի գրաւումէն ետք, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երկխօսութեան կոչ ուղղեց քիւրտերուն, որոնք փոխադարձաբար ողջունեցին անոր այս կեցուածքը:
Միացեալ Նահանգներ եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեցին շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին կապակցութեամբ եւ հանդարտեցման կոչ ուղղեցին՝ պատկան կողմերուն թելադրելով երկխօսութեան նստիլ: Իր կարգին, Ֆրանսա աւելցուց, թէ Իրաք պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերէ եւ յարգէ քիւրտերուն իրաւունքները։
Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆելահ Մուսթաֆա Պաքըր յայտնեց, որ ոչ մէկ մտադրութիւն կար պատերազմ մղելու Պաղտատի դէմ: «Մենք պատրաստակամութիւն յայտնեցինք լուրջ ու խաղաղ երկխօսութեան նստելու՝ խորհրդակցելու համար մարզի սահմաններուն ու փոխադարձ յարաբերութեանց շուրջ, սակայն Պաղտատ պատրաստ չէր երկխօսութեան», ընդգծեց ան:
Սակայն, իրաքեան դատարան մը կալանաւորման հրամանագիր արձակած է Քրտական ինքնավար մարզի փոխնախագահ Քոսրաթ Ռասուլի դէմ, որ «գրաւեալ ուժեր» նկատած էր իրաքցի զինուորականները: Ռասուլ կրնայ եօթը տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Միւս կողմէ, Քրտական ինքնավար մարզի պատասխանատու մը յայտարարեց, թէ Երկուշաբթիէն ի վեր, մօտաւորապէս 100,000 քիւրտեր փախուստ տուած են Քերքուքէն: