«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալ մարմինին ստորագրութիւնը կրող վրդովեցուցիչ հաղորդագրութիւն մը ստացած ենք: «Ասպարէզ» կոչ կ՛ուղղէ համայնքին մէջ գործող միութիւններուն աջակցելու Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի տնօրէնութեան սոյն զգուշացման առաւելագոյն տարածման՝ իրենց շրջաններէն ներս: Ստորեւ՝ հաղորդագրութիւնը.
Գաղութէն երկու երիտասարդուհիներ, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի անունը չարաշահելով՝ կը փորձեն հայրենակիցներէ, ի մասնաւորի տարեցներէ հանգանակութիւն հաւաքել, համոզելով զանոնք, թէ գումարը պիտի յատկացուի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի կրթական բարօրութեան:
Իբրեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւն եւ խնամակալ մարմին, յստակօրէ՛ն կը յայտարարենք, թէ այս երեւոյթը ո՛չ մէկ ձեւով կապ ունի մեր վարժարանին հետ: Պարզապէս, եղածը չարամտութիւն մըն է, երբ մարդիկ կը փորձեն մեր վարժարանի վարկը օգտագործելով՝ հայրենակիցներէ դրամ գողնալ:
Վարժարանիս տնօրէնութիւնը շատ լուրջ քայլերու դիմած է այս առնչութեամբ: Մինչ այդ, նաեւ կ՛ուզենք մեր հայրենակիցներուն յստակօրէն բացատրել, որ զոհ չերթան նմանօրինակ խաբեբաներու, որոնք կը փորձեն իրենց անբարոյական գողութիւնը քօղարկել՝ Ազգային վարժարանի մը անունը արատաւորելով:
Կը խնդրենք մեր սիրելի հայրենակիցներէն, որ նախանձախնդիր ըլլան եւ մեզի հետ գործակցին, որպէսզի կարենանք կանխել այս անընդունելի երեւոյթը՝ թէ՛ սեփական եւ ընդհանրական շահին համար, թէ՛ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի վարկին համար: