ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովներու ՀՅԴ խմբակցութիւնները կ՛ունենան տարեկան նուազագոյնը երկու հանդիպում թէ՛ Երեւանի մէջ եւ թէ Ստեփանակերտի մէջ: Հանդիպումներուն, քննարկումներու օրակարգը նախօրօք ճշդուած կ՛ըլլայ:
Երկուշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, Արցախի ՀՅԴ պատգամաւորները ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն եւ դաշնակցական նախարարներուն հետ:
Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, «Երկիր»ի հետ խօսելով հանդիպման նիւթերուն մասին՝ տեղեկացուց, որ այս անգամ քննարկման առարկայ դարձած են օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները:
«Բացի տեղեկատուական փոխանակումներէն, մենք կ՛ունենանք որոշ օրէնքներու շուրջ քննարկումներ, յատկապէս՝ այն օրէնքներուն, որոնք վերջերս ընդունուած են Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այս քննարկումներուն պէտք է մասնակցին նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի այլ խմբակցութիւններու անդամները:
Իշխանեան յայտնեց, որ անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու օրէնքին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ արդէն համայնքներու ընդլայնումը գործնականօրէն իրականացած է: «Արցախի սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք, ունինք նոր մօտեցումներու անհրաժեշտութիւն, որ սահմանադրական պահանջք է, այս հարցերն ալ պիտի քննարկենք», յայտնեց ան:
Ըստ Իշխանեանի՝ իրենք պիտի այցելեն նաեւ Հայաստանի ընդլայնուած համայնքներ: «Կը նախատեսենք Հայաստանի տարբեր ընդլայնուած համայնքներ այցելել՝ ուղղակիօրէն ծանօթանալու համար դրական տեղաշարժերուն, նաեւ այն հարցերուն, որոնցմէ մենք կրնանք խուսափիլ, իսկ առաւելութիւններէն օգտուիլ նաեւ Արցախի մէջ», ըսած է ան:
Իշխանեան ըսաւ, որ իրենց մօտ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համակարգը տակաւին ամրագրուած չէ: «Սահմանադրութեան մէջ մենք ձեւակերպած ենք այդ մարմիններուն վերանայման հարցը: Յառաջիկայ 3-5 տարիներուն ընթացքին մենք պէտք է յստակօրէն վերանայինք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործունէութեան», ընդգծեց ան:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը ուր ալ ըլլայ, նոյն նպատակները պէտք է հետապնդէ եւ նոյն ռազմավարութեամբ հանդէս գայ, ուստի նման հանդիպումները անհրաժեշտ են: «Անհրաժեշտութիւն միշտ կը յառաջանայ, որպէսզի մենք մեր կատարած եւ ակնկալած քայլերուն հետ կապուած նախնական քննարկումներ կատարենք եւ ընդհանուր ռազմավարութիւնը պահպանենք», ըսած է ան:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ Հայաստան-Արցախ գործակցութիւնը պէտք է աստիճանաբար աւելիով ամրապնդուի: «Յստակ է անվտանգութեան հարցերու հետ կապուած մեր տեսակէտը: Մենք մէկ միասնական համակարգի մէջ ենք, եւ ասիկա ոչ թէ միայն խօսքի սահմաններուն մէջ պէտք է մնայ, այլ պէտք է միս ու արիւն ստանայ», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Մենք չենք կրնար շրջանցել բանակաշինութեան եւ սահմանային իրավիճակներուն առնչուող հարցերն ու մեր ընելիքները»:
Պատգամաւորը յայտնեց, որ պէտք է ջանք թափել, որպէսզի կարենանք մեր բանակը զօրացնել. նոր նախաձեռնութիւններ ունին՝ պահեստազօրի ձեւաւորման հարցին առնչութեամբ: «Ապրիլեան պատերազմէն ետք այդ մէկը գլխաւոր հարցն է՝ եթէ օր մը, Աստուած մի արասցէ, պատերազմական վիճակ յառաջանայ, մենք պատրաստ պէտք է ունենանք այն գունդերն ու խումբերը, որոնք գիտեն՝ ինչ պէտք է ընեն, որովհետեւ ժամանակակից պատերազմը կը պահանջէ համապատասխան մակարդակի ուսուցում եւ պատրաստուածութիւն», եզրափակեց ան: