ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հակ գիւղը՝ Քաշաթաղի շրջանի հիւսիսային համայնքներէն մէկը, 17 Հոկտեմբերին կատարեց տեղի դպրոցին բացումը՝ ամբողջական վերակառուցումէ ետք: Դպրոցը վերակառուցուած է «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ եւ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան ջանքերով: Բացման ներկայ էին «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան եւ այլ աշխատակիցներ, «Հայրենասէր» կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեան, Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեան եւ այլ հիւրեր:
Մինչեւ վերակառուցումը, դպրոցը կը գտնուէր խիստ անբարեկարգ եւ փոքրիկներու համար վտանգաւոր վիճակի մէջ, իսկ շինութեան մէկ մասը բոլորովին աւերուած էր: Շուրջ չորս ամիս տեւած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ դպրոցը ամբողջութեամբ վերանորոգուած է:
Հայկական Հարուստ ժառանգութիւն ունեցող Հակ գիւղը, որ քսաներորդ դարու սկիզբը ցեղային զտումներու ենթարկուած է Ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ, ազատագրուած է 1990ական թուականներու սկիզբը: Սակայն, պատերազմէն ետք, ինչպէս Քաշաթաղի շրջանի շատ մը գիւղեր, Հակը յայտնուած էր վերաբնակեցման, վերակառուցման եւ զարգացման լուրջ անհրաժեշտութեան առջեւ:
Այսօր, Հակը Արցախի առաւել արագ զարգացող եւ երիտասարդ գիւղերէն մէկն է. այստեղ կ՛ապրին աւելի քան 110 անձեր, որոնցմէ 50ը՝ փոքրիկներ: Դպրոցին անբարեկարգութեան պատճառով, գիւղի դպրոցահասակներուն մէկ մասը ստիպուած էր յաճախելու հարեւան գիւղերէն մէկուն դպրոցը: Նկատի առնելով այստեղ ապրող փոքրիկներուն աճող թիւը՝ տեղւոյն դպրոցի վերակառուցումն ու բարեկարգումը դարձած էր համայնքի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը:
Կատարուած վերակառուցման եւ վերանորոգման աշխատանքներուն շնորհիւ, Հակի դպրոցը աւերակներէն վերածուեցաւ բարեկարգ, ապահով եւ լուսաւոր կրթօճախի: Ներկայիս դպրոց կը յաճախեն 15 փոքրիկներ, սակայն, վերակառուցման իբրեւ արդիւնք, անիկա կրնայ մինչեւ 50 աշակերտ ընդունիլ, նաեւ մօտակայ գիւղերէն:
Շնորհաւորելով Հակի բնակիչները այս նոր ձեռքբերման համար, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան ըսաւ. «Շուտով դպրոցը արդէն շուրջ 50 աշակերտ պիտի ունենայ, եւ այս փոքրիկներն են, որոնք կեանք պիտի տան այս կրթօճախին, կեանք պիտի տան ամբողջ գիւղին՝ շունչ հաղորդելով դպրոցի պատերուն եւ լեցնելով դասարանները իրենց ժպիտով, ծիծաղով, աշխուժութեամբ, ուրախ աղմուկով… եւ այս փոքրիկներն են, որոնք մեծնալով այս պատմական գիւղին մէջ, կեանք պիտի տան մեր ազատագրուած հողերուն եւ զանոնք պիտի դարձնեն մեր հայրենիքի անբաժանելի մասը»:
Բացի գիւղի միակ կրթօճախը ըլլալէն, դպրոցը նաեւ կարեւոր համայնքային կեդրոն է, ուր այսուհետեւ բազմազան հանրային, մշակութային, մանկապատանեկան եւ մարզական ձեռնարկներ պիտի իրականացուին: Դպրոցը նաեւ մեծ կարեւորութիւն ունի իբրեւ աշխատատեղ. ներկայիս այստեղ կ՛աշխատին 9 մշտական ուսուցիչներ եւ 5 այցելու աշխատակիցներ:
«Հայրենասէր» կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեան, իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Շատ ուրախ ենք, որ այս դպրոցը իրականութիւն դարձաւ, եւ որ կրցանք «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին հետ միասին շատ արագ, սեղմ ժամկէտներու մէջ այս ծրագիրը իրականութիւն դարձնել: Անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ դպրոցը այնքան աշակերտ ունենայ, որ այս դասասենեակները արդէն չբաւեն իրենց, եւ մենք ստիպուած ըլլանք գալու եւ ուրախութեամբ ընդարձակելու դպրոցը»:
Հակի դպրոցի վերակառուցումը «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ իրականացուող՝ Արցախի սահմանամերձ տարածքներու վերաբնակեցման եւ զարգացման ծրագիրին մէկ մասն է: Այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, «Թուֆէնքեան» հիմանդրամը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Քաշաթաղի շրջանին մէջ իրականացուցած է կառուցապատման աւելի քան 40 աշխատանք՝ կառուցելով կամ վերանորոգելով շարք մը առանձնատուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ այլն: