ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտարարեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները Թուրքիայէն պահանջած են անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի իր ուժերը դուրս բերել սուրիական հողամասերէն:
«Սուրիա խստօրէն կը դատապարտէ թրքական ուժերուն Իտլիպ նահանգ մուտք գործելը՝ ընդգծելով, որ ատիկա ակնյայտ ոտնձգութիւն է Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի ակնյայտ խախտում է», ըսած է աղբիւրը:
Ան նաեւ աւելցուցած է. «Թրքական տուեալ ներխուժումը ոչ մէկ կապ ունի երաշխաւոր պետութիւններու համաձայնութիւններուն հետ, որոնք ձեռք բերուած են Ասթանայի մէջ կատարուած բանակցութիւններուն հիմամբ: Սուրիա կը հաստատէ, որ այս ներթափանցումը յստակ ներխուժում մըն է, զոր թրքական վարչակարգը պիտի չկարենայ արդարացնել կամ բացատրել որեւէ ձեւով»:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալներուն ընկերակցութեամբ կատարուած թրքական ներթափանցումը բացայայտած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ թրքական վարչակարգին միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերը՝ աւելցնելով, որ այս իրողութիւնը միջազգային ընտանիքը պէտք է լրջօրէ՛ն նկատի առնէ եւ ահաբեկչութեան աջակցելուն համար պէտք է սանձէ Էրտողանը: