ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Նիսի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի քարտուղար Դաւիթ Քոմարեան ելգիրով մը կը յայտարարէ. «Ծխական խորհուրդը 12 Սեպտեմբեր 2017ին ժողով գումարեց եւ ներկայ անդամները միաձայնութեամբ կայացուցին արտակարգ ընդհանուր ժողով մը գումարելու որոշումը՝ Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծոցը վերադառնալու մասին քուէարկութեան համար: Արտակարգ ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 8 Հոկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, «Պարսամեան» սրահին մէջ: Կարեւոր է նշել, որ ներկայ էին 198 անձեր: «Կ՛ուզէ՞ք, որ (այո՛, կամ՝ ո՛չ) Նիսի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին միանայ Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, որ կը ներկայացուի Ֆրանսայի թեմի առաջնորդին կողմէ» հարցումին՝ քուէարկողներուն պատասխանը միաձայնութեամբ եղաւ «այո»:
Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՎՃԱՐԷ ՎՆԱՍՈՒՑ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ
ԽՄԲ. «Ներ Յառաջ»ի.- Տասը տարի ընդդիմանալէ ետք Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցին Արտակարգ ընդհանուր ժողովի քուէարկութեամբ որոշած է վերամիանալ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմին:
Այս առթիւ հրապարակուած շատ կարճ ու կտրուկ հաղորդագրութիւնը բազմաթիւ հարցականներու դուռ կը բանայ: Նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, որ որոշումին բանաձեւումը ամբողջովին սխալ է, քանի որ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցիէն հեռանալու որոշում չէ կայացուցած: Ընդհակառակն՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հրամանագիրով, Նորվան արք.ի առաջնորդութեան ժամանակ, ծուխը զրկուեցաւ Առաքելական ընտանիքի անդամակցութենէն, մէկ խօսքով՝ դուրս դրուեցաւ: Ուրեմն, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար քուէարկուած որոշումը ընդգրկէր դիմում մը ներկայացնելու գաղափարը, որպէսզի կաթողիկոսը ետ քաշէ արտաքսման իր հրամանագիրը:
Այնքան ատեն, որ դիմում չկայ՝ յայտնի չէ թէ վեհափառը ի՛նչ հիման վրայ զանոնք վերստին պիտի ընդունի առաքելական ընտանիքէն ներս:
Առերես ուրախալի այս որոշումը, Ֆրանսայի թեմին կողմէ ընդունուելու պարագային, լեցուն է յետագայ բախումներու հաւանականութեամբ: Պէտք չէ մոռնալ, որ կաթողիկոսական հրամանագիրը երբ անվաւեր հռչակեց Նիսի Ս. Աստուածածինի ծուխը, փոխարէնը ճանչցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նորաստեղծ Ալփ-Մարիթիմի, Վառի եւ Մոնաքոյի ծուխը: Ուրեմն, հարցումը այն է, թէ Նիսը եւ շրջանները պիտի ունենան երկո՞ւ ծուխ, թէ նախկինը, որ անվաւեր հռչակուած է, պիտի դադրի՞ գոյութիւն ունենալէ եւ գոյքերն ու ունեցուածքը պիտի յանձնէ նորաստե՞ղծ ծուխին, ինչպէս որ անոր անդամները իբր նոր ծուխի անդամներ պիտի ընդունուին այս վերջինիս մէջ: Եթէ ոչ՝ անվաւեր ծուխի վարչութիւնը պէտք է հրաժարի եւ նորաստեղծ ծուխի վարչութիւնը ստանձնէ հինին եւ նորին կառավարումը մինչեւ որ երկու կրօնական ընկերակցութիւններ միացնելու որոշում կայացուի:
Արդարեւ, չի բաւեր որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կրօնական ընկերակցութիւնը Ֆրանսայի թեմին միանալու որոշում կայացնէ. պէտք է, որ անիկա իր կանոնագրութիւնը յարմարեցնէ թեմին կողմէ առաջադրուած կանոնագրութեան: Այդ կը նշանակէ անվաւեր ճանչնալ այսօրուան վարչութիւնը, որ ընտրուած է նախկին կանոնագրութեան հիման վրայ:
Միւս հարցը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրբապղծումն է: Եկեղեցական օրէնքով խորանին վրայ պատարագ չեն կրնար մատուցել կարգազուրկ, աշխարհիկ դաս վերադարձած եկեղեցականներ: Ուրեմն, եկեղեցին պէտք է վերստին օրհնել ու վերապատրաստել Ս. պատարագի մատուցման: Արդեօք ընդունելի՞ է նման գործողութիւն նախկին ծուխի վարչութեան եւ անդամներուն համար:
Եւ վերջին կէտ մը, որ կը վերաբերի դատական հետապնդումին: Տասնամեայ դատական հետապնդումներու եւ գժտութիւններու պատճառած վնասները հատուցելու խնդիր կայ: Ո՞վ պիտի վճարէ զանոնք: Եւ պէտք չէ մոռնալ՝ առաջին անգամ չէ, որ. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութիւնը հաշտութիւն կը հայցէ: Ասկէ առաջ ալ դիմում կատարած է, սակայն վերջին վայրկեանին հրաժարած է իր պատասխանատուութենէն: