«ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ»Ի ԱՂՕԹՔ՝ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 8ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Պատարագիչն էր Գարեգին քհնյ. Պետուրեան։ Աղօթակից էին Վաչէ վրդ. Պալըքճեան ու Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան։
Պատարագին ընթացքին, առաջնորդը օծումը կատարեց Ս. Սարգիս Զօրավարի նոր սրբապատկերին, որուն նուիրատուն է Օհաննէսեան ընտանիքը, ի յիշատակ ծնողաց՝ Մարտիրոս եւ Կասիա Օհաննէսեաններուն։
Նշենք, որ նոյն օրը, տնօրինութեամբ սրբազանին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ Լաս Վեկասի զոհերու յիշատակին։
Իր պատգամին մէջ սրբազանը կանգ առաւ նախընթաց օրուան տօնին՝ Յիսուսի 12 աշակերտներուն, եւ յաջորդ շաբթուան՝ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու յիշատակին վրայ։ Ան նշեց, թէ Քրիստոս 12 առաքեալներու կողքին ունէր նաեւ 12 աշակերտներ, որոնց պատուիրեց. «Գացէք ամբողջ աշխարհը եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը»։ Առաջնորդը բացատրեց Քրիստոսին աշակերտելու իմաստը եւ շեշտեց, թէ «Քրիստոսի աշակերտ կը դառնանք այն ժամանակ, երբ զԻնք դարձնենք մեր կեանքի կիզակէտը»։
Խօսելով Թարգմանչաց վարդապետներու աւանդին ու տօնէն բխող խորհուրդին մասին՝ սրբազանը շեշտեց, որ իբրեւ աշխարհով մէկ սփռուած ազգի զաւակներ, պարտաւոր ենք զգոյշ ըլլալու արտաքին ազդեցութիւններէն, պահպանելու համար մեր ինքնուրոյն հաւատքը, դարաւոր ժառանգութիւնն ու Թարգմանչաց վարդապետներուն կտակը։
Սրբազանը նաեւ յորդորեց ներկաները հետամուտ ըլլալու մեր նախահայրերու ամուր հաւատքին, որպէսզի արդիւնաւէտ նուիրեալները դառնան մեր եկեղեցիին ու ազգին։ «Մեր հաւատքի ու ժառանգութեան գոյատեւման ու յառաջընթացի պարտականութիւնը դրուած է մեր եւ նոր սերունդի ուսերուն», շեշտեց առաջնորդը։
Այնուհետեւ, սրբազանը անդրադարձաւ Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական անարգ ոճիրին, որ խլեց մօտաւորապէս 60 զոհ ու 500 վիրաւորներ, ու կոչ ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած՝ զոհերուն յաւիտենական հանգիստին ու անոնց հարազատներուն վիշտերու ամոքման համար։ Ի վերջոյ, առաջնորդը նշեց, որ նոյն օրը նաեւ կը զուգադիպէր հանգուցեալ Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանի զաւակին՝ Մովսէս Շրիգեանի մահուան քառասունքին։ Ան ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի հարազատներուն։
Արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էին ի պատիւ սրբազանին, անոր կուսակրօն քահանայութեան աւելի քան 40 տարիներու վաստակին, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20ամեակին եւ ծննդեան 60րդ տարեդարձին առիթով։
Հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կից «Ղուկասեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան անդամները, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի ներկայացուցիչները, տիկնանց միութեան անդամներն ու հաւատացեալներ։
Սրբազանին բարի մաղթանքի խօսքեր ուղղեցին Գարեգին քհնյ. Պետուրեանն ու հոգաբարձութեան ատենապետ Հրայր Ճերմակեանը։ Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ անակնկալին համար եւ բարի երթ մաղթեց բոլորին։