ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի պաշտօնական հաստատման 90ամեակին եւ Գարեգին Բ. վեհափառին Արեւմտեան թեմ այցելութեան զոյգ առիթներով, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, «Ապրինք մեր հաւատքը» իբրեւ բնաբան ընտրած է, խթանելու համար թեմի հայութեան հաւատքը, հոգեւոր գիտակցութիւնը եւ կրօնական¬եկեղեցական կեանքը:
Այս առիթով, Արեւմտեան թեմէն ներս ծառայող Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, առաջնորդին թելադրութեամբ, արեւմտահայերէնի թարգմանած է Հայց. եկեղեցւոյ մեծ հայրապետ Ս. Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին «Հաւատքի Խոստովանութիւն» գրութիւնը, որ գրուած է հաւանաբար 1165ին:
Իր այս գրութեան մէջ, Շնորհալի կաթողիկոսը համադրութեամբ կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ հաւատքի խոստովանութիւնը, անդրադառնալով անոր դաւանանքին եւ հայկական ծէսին վերաբերող այն հարցերուն, որոնց մասին յոյները ամբաստանութիւններ կը կատարէին հայոց դէմ: Շնորհալին կ՛անդրադառնայ հայ եկեղեցւոյ կողմէ ընկալուած եւ դարերով պահպանուած դաւանական, աստուածաբանական եւ ծիսական հիմնական նիւթերուն: