ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուայի «Ռոլան» թատերասրահին մէջ, 11 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով պատրաստուած «Փրկութեան Քարտէզ» վաւերագրական ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որ կազմակերպուած էր Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Առնօ Բաբաջանեան» հիմնարկին աջակցութեամբ:
«Փրկութեան Քարտէզ»ը կը պատմէ հինգ մարդասէր կիներու՝ միսիոնարներ Քարէն Եփփէի, Մարիա Ճաքոպսոնի (Դանիա), Պոտիլ Պէորնի (Նորվեկիա), Ալմա Եոհանսընի (Շուէտ) եւ Աննա Հետվիկ Պիւլի (Էսթոնիա) մասին:
Նախ քան ցուցադրութիւնը, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դեսպանորդ Պորիս Սահակեան եւ «Առնօ Բաբաջանեան» հիմնարկի նախագահ Ա. Սարգսեանց, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ ֆիլմը արտադրող Մանուէլ Սարիբէկեան՝ շարժապատկերի ստեղծման գաղափարին ու անոր իրագործման, հեղինակային խումբին եւ հերոսուհիներու հայրենիքներուն մէջ ֆիլմի ցուցադրութեանց մասին:
Ձեռնարկին մասնակցեցան Ռուսիոյ մէջ հաւատարմագրուած շարք մը դիւանագէտներ, ներառեալ նաեւ Ռուսիոյ մօտ Նորվեկիոյ դեսպանը եւ Ռուսիոյ մէջ Շուէտի ու Էսթոնիոյ դեսպանութիւններու խորհրդականները եւ հասարակական գործիչներ: