Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց գրող, հրապարակագիր, ազգային գործիչ Արմէն Տօնոյեան: «Ասպարէզ» ցաւակցութիւն կը յայտնէ իր ընտանիքին եւ գաղափարական ընկերներուն:
ՄԱՀԱԶԴ
ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1936ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝ Արմէն Տօնոյեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ Հոկտեմբեր 21, 2017, առաւօտեան ժամը 9:30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, St. Mary’s Armenian Apos. Church, 500 S. Central Ave., ապա, թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Համաս Տօնոյեան
Դուստրը՝ Արմինէ եւ Հրայր Շէրիքեան եւ զաւակները՝ Սեւան եւ Ալիք
Դուստրը՝ Մարալ եւ Ուիլ Հերիս եւ զաւակները՝ Ամանտա, Քլոուէ, եւ Լուք
Դուստրը՝ Լիզա եւ Տինօ Քոպօ եւ զաւակը՝ Մեթյու
Զաւակը՝ Արա եւ Ճեսիքա Տօնոյեան եւ զաւակը՝ Էվին
Աւօ եւ Սուզան Տօնոյեան եւ զաւակները
Մերի Տօնոյեան եւ զաւակները
Ալիս Տօնոյեան
Յարութ եւ Պէթի Տօնոյեան եւ զաւակները
Վաչէ եւ Սիւզի Տօնոյեան եւ զաւակները
Սեպուհ եւ Լարա Տօնոյեան եւ զաւակները
Վարուժ եւ Սեդա Գրիգորեան եւ զաւակները
Եւ համայն Տօնոյեան, Սարգիսեան, Շէրիքեան, Հերիս, Քոպօ,
Տէր Սարգիսեան, Գրիգորեան, Աբրահամեան, Քէշիշեան,
Արապեան, Որբերեան, Սաղպազարեան ընտանիքները ու հարազատները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել http://gofundme.com/armen-donoyan-scholarship-fund ֆոնտին:
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, 1510 E. Mountain St.։
Տարիներով, Լիբանանէն իվեր գաղափարական ընկեր, հանգիստ յոգնաբեկ ոսկորներուդ եւ մխիթարութիւն այրիիդ, զաւակներուդ եւ սգակիր ծանօթներուդ: