ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս տարի Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւնը մեզ կ՛ուրախացնէ իր ճոխ ծրագիրներով:
Համայնքէն ներս մշակութային կեանքի աշխուժացումը պատահականութեան չենք կրնար ձգել: Կ՛ողջունենք ու կը գնահատենք բոլոր այն անհատ հայորդիները կամ միութիւնները, որոնք հայ մշակոյթը կենսունակ պահելու ճիգ կը թափեն ու իրենց նախաձեռնութիւններով կը հարստացնեն մեր իրականութիւնը:
Ասոնց կողքին, մեր ակնկալութիւնն է, որ Համազգայինը ստանձնէ համայնքի մշակութային զարգացման ռազմավարութենէն բխած պարտաւորութիւններ՝ փակելով արուեստի տարբեր ոլորտներու մէջ առկայ բացերը, խթանելով սկսնակ աշխատանքները եւ հովանաւորելով տաղանդ ու շնորհք ունեցողները:
Համազգայինը, սակայն, նաեւ պատասխանատուութիւն պէտք է վերցնէ կազմակերպականօրէն իր ներկայութիւնը շօշափելի դարձնելու տարուան բոլոր ամիսներուն՝ հետապնդելով մշակութային ուրոյն միջավայր մը ստեղծելու նպատակը, յաղթահարելով մշակութախոյս տրամադրութիւնները ուժեղացնող խոչընդոտները:
Պէտք է խոստովանիլ, որ մշակութային աշխուժութիւն ստեղծելու համար անհրահժեշտ է լայն հնարաւորութիւններով օժտուած ըլլալ, իսկ մեր պարագային՝ Համազգայինը կ՛աշխատի չափազանց համեստ պայմաններով, որոնց լոյսին տակ իրաւունք իսկ չունինք աւելին պահանջելու մեծ զոհաբերութիւններով գործող միութենականներէն:
Այս անբաղձալի վիճակէն դուրս գալու համար, պէտք է Համազգայինին սատար կանգնինք, նիւթական ու բարոյական նեցուկ տրամադրենք գործող մասնաճիւղերուն, տարբե՛ր միաւորներուն: Հազար ու մէկ կարիքներ դիմագրաւող մեր համայնքը կրնա՞յ իր մէջ ուժ գտնել՝ ըստ արժանւոյն տէր կանգնելու մեր մշակոյթին, թէ ամէն ինչ կէս-կատար ընելու վարժութիւնը այստեղ եւս իր գլուխը կը ցցէ, ու մենք կը բաւարարուինք պատահական աջակցութեամբ:
Առանց հայ մշակոյթի՝ հայ չե՛նք կրնար մնալ: Ուրեմն, եթէ լրջօրէն կ՛ուզենք մեր ինքնութիւնը պահպանել, ապա պէտք է աւելի լրջօրէն տէր կանգնինք մեր մշակութային կեանքը պահպանել ու զարգացնել ջանացող կառոյցներուն։