ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ զինեալ ուժերը անցած շաբաթավերջին մուտք գործած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան Իտլիպ նահանգը եւ սկսած իրենց գործողութեան, որուն ծիրին մէջ կը կատարուի հետախուզութիւն՝ ապագայ զինադադարի վերահսկողութեան նպատակով դիրքեր տեղադրելու համար. այս մասին կը տեղեկացնէ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը:
«Ըստ Իտլիպի մէջ ապահովութեան գօտիներ ստեղծելու վերաբերեալ Ասթանայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն՝ երաշխաւոր երկիրներէն մէկը հանդիսացող Թուրքիոյ զինեալ ուժերը Հոկտեմբեր 8ին սկսած են հետախուզութեան գործողութեանց», նշուած է սպայակոյտի յայտարարութեան մէջ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա «լուրջ» գործողութեան մը սկսած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան Իտլիպ նահանգին մէջ: