ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ եւ անոր հովանիին տակ կազմուած է Հայերէնի վերաշխուժացման մարմինը (ՀՎՄ):
Մեկնելով այն հասարակաց մտահոգութենէն, թէ մեր մայրենին նոր սերունդներու կեանքին մէջ չի գրաւեր անհրաժեշտ տեղը եւ չի ներգրաւեր զանոնք՝ սոյն մարմինին աշխատանքները սկզբնապէս ունեցան ծրագրային բնոյթ, նպատակ ունենալով քաջալերել հայախօսութիւնը: Այդ եւ ապագայ աշխատանքներու ամփոփ պատկերը հետեւեալն է.
Առաջին փուլին, ՀՎՄի գործունէութիւնը կեդրոնացաւ լեզուի նահանջի պատճառներու ուսումնասիրութեան վրայ: Քննարկուեցան լեզուի կենսունակութեան առնչութեամբ միջազգային փորձն ու մեր շրջանի բազմաբնոյթ Սփիւռքի առանձնայատկութիւնները: Ասոնց հիման վրայ ու մասնագէտներու օգնութեամբ կատարուեցան ախտաճանաչումներ։
Մարմինը կը հաւատայ, որ հայերէնը է՛ ու կրնայ մնալ կենսունակ լեզու: ՀՎՄ խտրութիւն չի դներ հայերէնի երկու գլխաւոր ճիւղերուն եւ բարբառային այլ ձեւերուն միջեւ՝ գիտնալով, թէ անոնց բոլո՛րին դրական գործածութիւնը նախապայման է մեր լեզուի գոյատեւումին: Հետեւաբար, իբրեւ առաքելութիւն, ՀՎՄ յանձն առաւ քաջալերողի աշխատանք տանիլ, որպէսզի լեզուի գոյատեւումը, մաղթանքէ աւելի՝ դառնայ առօրեայ հիմնական մտահոգութիւն՝ կազմակերպութիւններու թէ անհատներու համար: Մարմինիս ճիգերը պիտի ուղղուին յիշեալ մտահոգութիւնը վերածելու մղիչ ուժի՝ շօշափելի ծրագիրներու համար, որոնք պիտի մեկնին չափելի տուեալներէ եւ պիտի ունենան վիճակագրականօրէն կշռելի արդիւնաւորութիւն:
Ընդարձակ քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կազմուեցաւ մասնագիտական համապարփակ ծրագիր մը, որ ունի գործի բազմաճիւղ մարզեր եւ կարճ ու երկար ժամկէտներով թիրախներ. անոնց իրականացման համար անհրաժեշտ է, որ գաղութի բոլոր ձեռքերը միանան, որովհետեւ լուծումները չեն կրնար մասնակի կամ որոշ սահմաններու մէջ պարփակուող բնոյթ ունենալ: Բնականաբար, կարեւոր տեղ կը գրաւէ արդի արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումը:
Յաջորդ փուլերուն, ՀՎՄ պիտի ձեռնարկէ մշակուած նախագիծի առաջադրանքներու իրականացման համար անհրաժեշտ միջոցներու գոյացման: Գործնական քայլերը սկսելու համար, ՀՎՄ պիտի դիմէ եւ գործնական կապ պիտի հաստատէ բոլոր անոնց հետ, որոնք նախանձախնդիր են ամրապնդելու մայրենին՝ իբրեւ ապրող լեզու, եւ ո՛չ միայն իբրեւ լոկ սրբազան խորհրդանիշ: Պիտի դիմենք ուսումնարաններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու: Առաջադրանքներուն մաս կը կազմեն անհրաժեշտ անձնակազմի պատրաստութիւնն ու աշխատանքի կոչումը, ինչպէս նաեւ նիւթական միջոցներու ստեղծումը: Զուգահեռաբար, կը շարունակուին գիտական ուսումնասիրութիւնները, իբրեւ յենարան՝ առաջադրուած գործնական քայլերուն, բայց նաեւ արժեւորելու համար կատարուելիք աշխատանքներուն արդիւնքները:
Մարմինիս յառաջիկայ աշխատանքներուն մասին մեր հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի յառաջիկայ հանգրուաններուն:
Ձեզ տեսնեմ։ Հետաքրքրութեամբ կը սպասեմ յաջորդ հանգրուանին։ Յաջողութիւն։
Շատ, շատ դռուար գործ ու լուծում չունի: Այս բոլոր ջանքերը կը նմանին չորցող ծառէն քանի մը ճիւղ փրկել ու կանանչեցնել: Ոտարութեան մէջ դատապարտուած ենք ձուլուելու: Այսօր չէ, վաղն ալ չէ, բայց փախուստ չկայ:
Տուներու մէջ, ծնողք պէտք է հայերէն խօսին եւ հսկել որ զաւակները հայերէն խօսին: Երկու տարեկան երեխան հեռատեսիլ դիտելով կը վարջուի մոռնալու մայրենին եւ անգլերէն կը պատասխանէ հայերէն խօսօղին: Վա՜յ մեզի: