ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ծաւալած իր գործունէութեամբ եւ հակահայ կեցուածքներով յայտնի թրքական «ASIMDER» միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ անդրադարձած է Թուրքիա բնակող ծպտեալ հայերու հարցին՝ նշելով, որ «հայերու տեղահանութեան» (Հայոց Ցեղասպանութեան) օրերուն, իրենց տուներէն չհեռացած հայերը քօղարկուած են քիւրտերու, ալաուիներու եւ թուրքերու անուան տակ, եւ այսօր, ծպտեալ հայերը Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւ կը կազմեն: Իբրեւ ապացոյց, թուրք գործիչը յիշեցուցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի նախկին փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ Տերսիմի (Թունճելի) բնակչութեան 90 տոկոսը հայ է:
Ան ըսած է նաեւ, որ տարբեր ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ այժմ կ՛ապրի 37,055 ծպտեալ հայ ընտանիք:
«Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) մէջ 1000 հայ ընտանիք կ՛ապրի՝ քիւրտի, ասորիի կամ ալաուիի անուան տակ, Մալաթիոյ մէջ՝ 3655 հայ ընտանիք, Էլազիկի (Խարբերդ) մէջ՝ 1000, Թունճելիի (Տերսիմ) մէջ՝ 2000, Սղերթի մէջ՝ 1200, Երզնկայի մէջ՝ 1300, Սեբաստիոյ մէջ՝ 2000 եւ Քահրամանմարաշի (Մարաշ) մէջ՝ 3000 հայ ընտանիք: Կեսարիոյ մէջ կայ 5000 հայ ընտանիք, որ քօղարկուած է իբրեւ թուրք, Վանի մէջ՝ 4000, Ատըեամանի մէջ 1600 հայ ընտանիք ծպտուած է քիւրտի անուան տակ, Շանլըուրֆայի (Ուրֆա) մէջ 3000 ընտանիք կը ներկայանայ իբրեւ արաբ կամ քիւրտ, Մարտինի մէջ 1500 հայ ընտանիք կը ներկայանայ իբրեւ արաբ, իսկ Ատանայի մէջ 2000 հայ ընտանիք կը քօղարկուի քիւրտի, արաբի կամ ալաուիի անուան տակ», յայտարարած է Կիւլպէյ:
Հայատեաց գործիչին պնդումով՝ մեծ թիւով հայեր կան Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան շարքերուն մէջ:
Կիւլպէյ ըսած է նաեւ, որ իրենք ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւին ծպտեալ հայերուն եւ կը ցանկան, որ պետական կառոյցները համապատասխան միջոցներ ձեռք առնեն՝ զանոնք բացայայտելու եւ վերահսկելու համար: