ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնը:
«Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնի պատասխանատու, ժողովրդական երգիչ Արսէն Գրիգորեան (Մրօ) յայտնեց, որ արցախցին կը սիրէ այն երգն ու պարը, որ կապուած է հայու ինքնութեան եւ արմատներուն հետ:
««Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնին կը մասնակցին շուրջ 200 անձեր: Անիկա ունի կարեւոր առաքելութիւն՝ հայութեան մէջ տարածել ազգային երգն ու պարը: Մենք Արցախ բերած ենք այն մշակոյթը, որ կը ներկայացնէ ամբողջական Հայաստանը՝ սկսած Կիլիկեան Հայաստանէն մինչեւ Արցախ աշխարհ, Լոռիէն մինչեւ Սիւնիք: Բեմին վրայ հայկական երգով ու պարով պիտի պատկերենք Հայաստանի ամբողջական քարտէսը: Իւրաքանչիւր խումբ շատ հարուստ ծրագիր կը ներկայացնէ: «Մենք միայն գեղագիտական հաճոյք պատճառելու մասին չենք մտածեր. մեզի համար շատ կարեւոր է մատուցել մեր ինքնութեան, ազգային պատկանելիութեան հետ կապուած երաժշտութիւնը: Այս տարի մենք մեր փառատօնի ձեւաչափը փոխած ենք՝ համերգային ծրագիրով հանդէս գալով նաեւ Քարվաճառի, Բերձորի, Մատաղիսի, Մարտակերտի, Հադրութի, Ասկերանի, Ճարտարի մէջ, այդ կերպով փորձելու համար մեր հայրենակիցներուն հաղորդակից դարձնել ազգային երգ ու պարին», ըսաւ Ա. Գրիգորեան՝ աւելցնելով. «Արցախի մէջ փառատօնի իրականացման աջակցած է «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը»:
Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահվերդեան ընդգծեց, որ ինք կարեւոր կը համարէ «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնի իրականացումը:
«Հակառակ անձրեւային եղանակին, մարդիկ կը հաւաքուին հրապարակի վրայ: Սա ապացոյց է, որ հանրութեան մէջ փառատօնը մեծ պահանջարկ ունի: Մենք կ՛ողջունենք որեւէ բարեգործական ձեռնարկ՝ ուղղուած հայկական մշակոյթի զարգացման», յայտնեց Ս. Շահվերդեան: