ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լրագրող Ռուզաննա Ստեփանեան կը հաղորդէ, որ անկախութեան հանրաքուէէն ետք, Իրաքեան Քիւրտիստանի շուրջ ստեղծուած լարուած իրավիճակը պատճառ չէ դարձած, որ Հայաստան դադրեցնէ թռիչքները դէպի Արպիլ: Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբերին, «Արմէնիա» ընկերութեան օդանաւը Երեւանէն ուղեւորուեցաւ Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք:
Նշենք, որ Պաղտատի իշխանութիւնները զգուշացուցած էին, որ եթէ մինչեւ Ուրբաթ Էրպիլի եւ Սուլէյմանիէի օդակայանները չանցնին երկրի կեդրոնական իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ, ապա Պաղտատ պիտի արգելափակէ մուտքը Իրաքեան Քիւրտիստանի օդային տարածք: Տարծաշրջանի շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին Թուրքիա, Իրան եւ Լիբանան արդէն յայտարարած են, որ պիտի յարգեն Պաղտատի որոշումը եւ պիտի կասեցնեն դէպի Էրպիլ թռիչքները:
«Ազատութեան» թղթակիցը Ուրբաթ օր յաջողած է կապ հաստատել Իրաքեան Քւրտիստանի խորհրդարանի միակ հայ պատգամաւոր Երուանդ Ամինեանի հետ: Վերջինս «Ազատութեան» թղթակիցին հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրավիճակը իրենց տարածաշրջանին մէջ առայժմ կայուն է, միակ հարցը այն է, որ արդէն նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6էն ետք պիտի դադարեցուին միջազգային թռիքչները: Ըստ անոր՝ այս սահմանափակումը հաւանաբար կրնայ տեւել 2էն 3 օր, եւ կողմերը բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորումի մը կրնան յանգիլ:
Kurdistan and Kurdish people should be able to chart their own destiny. The will of the people of Kurdistan who voted overwhelmingly for independance will dictate that fact. After all the previous borders were so artificially and arbitrarily drawn by European powers. Turks and the rest of the other regional powers should stay away and hands off of this thriving small patch of land. The Hurd is people deserve to have their own national identity and country of their own. Turks should be the last to object to this reality. After all they were the ones who came from Asia to steal the land that belonged to Armenians and Greeks.