«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճան քրէական գործ յարուցած է չորս թուրք մտաւորականներու դէմ, որոնք 22 Սեպտեմբերին այցելած էին Արցախի Հանրապետութիւն:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ակադեմիկոս, գրող Ալի Պայրամօղլու, գործիչ, հրապարակախօս Սայիտ Չեթինօղլու, Թուրքիոյ 23րդ գումարման խորհրդարանի պատգամաւոր Ուֆուք Ուրաս եւ գրող, հեռատեսիլի հաղորդավար Էրոլ Քաթըրճըօղլու անօրինական կերպով հատած են Ատրպէյճանի սահմանը:
Անոնց դէմ յարուցուած է քրէական գործ՝ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգրքի 318.2 յօդուածի հիման վրայ («Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի անօրինական հատում»):
Թուրք մտաւորականները կալանաւորելու մասին որոշում ընդունուած է: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ թուրք մտաւորականներուն հանդէպ յայտարարուած է միջազգային հետախուզութիւն: Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններուն ուղարկուած է յատուկ գրութիւն՝ զանոնք ձերբակալելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով: